ՍԼԷՅՄԱՆ – ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայիս կառավարութեան քննարկած թղթածրարները:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի հետ: Քննարկուեցան մշակոյթի մարզը եւ զայն բարելաւելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ լիբանանցի գործատէրերու պատուիրակութիւն մը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի տարբեր մարզերուն մէջ ներդրումներ կատարելու հեռանկարները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ այցելեց Ղազիրի Մար Անթոնիոս վանքը, ուր ներկայ գտնուեցաւ կիրակի օրուան պատարագին, որ մատուցուեցաւ մարոնի միաբանութեան մեծաւոր հայր Թաննուս Նաամէի կողմէ:
Իր քարոզին մէջ Նաամէ յայտնեց, որ հաւատքը չափաւորականութիւն եւ իմաստութիւն կը ներշնչէ` տագնապները խաղաղ կերպով լուծելու:
Պատարագէն ետք նախագահ Սլէյման Լիբանանի Հանրապետութեան զինանշանը կրող յուշանուէր մը յանձնեց հայր Նաամէի` գնահատելով վանքին ազգային, հոգեւոր եւ մարդկային դերակատարութիւնը:
Նշենք, որ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր խորհրդակցութիւնները մնայուն կերպով կը շարունակուին` աւելցնելով, որ Լիբանան կը զօրակցի սուրիացի ժողովուրդին եւ անոր ժողովրդավարական իրաւունքին:
Նախագահ Սլէյման զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ քանդումի եւ իրարանցումի հաւանականութիւնը առկայ է, սակայն երկիրը ապահովական գետնի վրայ կայուն է:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ պետական նշանակումները իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կատարելու ոճը` նշելով, որ ինք եւ արդարութեան նախարարը տարակարծիք են` Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահը ճշդելու իմաստով:
Նախագահ Սլէյման դիտել տուաւ, որ կարգ մը նախարարներ շատ աւելի հզօր դարձած են, քան` կառավարութիւնը, աւելցնելով, որ ինք համաձայն չէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին 1960-ի օրէնքին հիման վրայ:


