ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ

Էրիք Ռուպին եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ ուրբաթ օր ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էրիք Ռուպինը:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը քննարկեցին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր` ընդգծելով տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը յատկապէս բարձր արհեստագիտութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան կը ցանկայ բոլոր մարզերուն մէջ շարունակաբար ընդլայնել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

«Այժմ, երբ մենք կը նշենք Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը, կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ Միացեալ Նահանգներու եւ ամերիկացի ժողովուրդին յանձնառութիւնը Հայաստանի անկախութեան, բարեկեցութեան եւ յաջողութեան նկատմամբ կը մնայ նոյն բարձր մակարդակին վրայ, ինչպէս եղած է», յայտնեց Էրիք Ռուպին:

Նոյն օրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս ընդունեց Էրիք Ռուպինը:

Ողջունելով հիւրը` Է. Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան սերտացման առնչութեամբ` ընդգծելով, որ վերջին տարիներուն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը լայն կարելիութիւններ կը ստեղծէ փոխադարձ գործակցութեան յաւելեալ ամրապնդման եւ ընդլայնման համար:

Էրիք Ռուպին իր կարգին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները եւ շահագրգռուած են անոնց հետագայ խորացմամբ ու նպատակադրուած են գործուն քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ: Ռուպին նշեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն գործակցութիւնը Հայաստանի հետ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման, տնտեսական զարգացման խթանման եւ բարեփոխումներու իրականացման ասպարէզներուն մէջ:

Նալբանդեան եւ Ռուպին հանգամանալից քննարկում ծաւալեցին երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցերուն եւ շրջանային խնդիրներուն շուրջ:

Զրուցակիցները անդրադարձան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման վերջին զարգացումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES