ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԽՆԴՐԱԳԻՐ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ
Անցեալ շաբաթ օր հայոց բանակի կազմաւորման առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի թիւս այլ պաշտօնեաներու, այցելեց Եռաբլուր, ուր անոր մօտեցան արցախեան պատերազմի մասնակիցներն ու անոնց հարազատները եւ յանձնած իրենց ընկերային, կենցաղային պայմաններուն վերաբերող տասնեակ մը խնդրագիրներ:
Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` Հայաստանի բարձրագոյն զինուորական հրամանատարական կազմի կարգ մը ներկայացուցիչներու եւ կառավարութեան այլ անդամներու հետ այսօր վաղ առաւօտեան այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն, ուր ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրին Վազգէն Սարգսեանի շիրիմին:
Եռաբլուր այցելած էին նաեւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան վարչութիւնը` բազմաթիւ անդամներու եւ նախկին ազատամարտիկներու ուղեկցութեամբ:
Հայոց բանակի կազմաւորման հերթական տարեդարձին շաբաթ ամբողջ օրուան ընթացքին Եռաբլուր կ՛այցելեն կառավարութեան անդամներ, ազատամարտիկներ եւ սովորական քաղաքացիներ:
Եռաբլուր պանթէոնի մուտքին մօտ Հայաստանի նախագահին եւ կառավարութեան անդամներուն մօտեցան արցախեան պատերազմի քանի մը տասնեակ մասնակիցներ եւ անոնց հարազատները` խնդրելով լուծում տալ իրենց ընկերային-կենցաղային խնդիրներուն:
Չարենցաւանցի Արեւհատ Օսիպեանի ամուսինը, օրինակ` 1994-ին վիրաւորուելով, հաշմանդամ դարձած է: Ընտանիքը ունի չորս երեխայ, որոնցմէ աւագը հայ խաղաղապահներու կազմէն է եւ կը ծառայէ Աֆղանիստանի մէջ: Կ’ապրին գետնափոր կացարանի մէջ, աշխատանք չունին:
Մօտ 20 վայրկեանի չափ լսելով մարդոց խնդիրները` նախագահը եւ կառավարութեան անդամները հեռացան` ստանալով անոնց խնդրագիր-դիմումները:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` անգամ մը եւս բարձր գնահատեց հայոց բանակի մարտունակութիւնը եւ սպառազինութեան մակարդակը:


