ԳԵՂԱՍԱՀՔ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍԼԱՒԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԵԼՈՅԹԸ
Շեֆիլտի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի 15 տարեկան Սլաւիկ Հայրապետեան աւարտեց իր ելոյթը, երբ ապահովելով 47,75 կէտ 29 մասնակցողներու մէջ գրաւեց նախավերջին` 28-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքը գրաւեց ռուս Արթուր Կաչինսքի (84,80 կէտ), իսկ երկրորդ դիրքը` Ողիմպիականի ախոյեան Եւգենի Փլիուշչենքօ (84,71 կէտ):
Այս տեղեկութիւնը հաղորդեց PanARMENIAN.Net կայքէջը` մէջբերելով այս ախոյեանութեան պաշտօնական կայքէջին փոխանցած լուրերը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 39 երկիրներու աւելի քան 200 մարզիկներ:
Նշենք, որ 2011-ին տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան, իրենց գեղասահորդներուն արձանագրած արդիւնքներուն շնորհիւ մէկէ աւելի մասնակիցներով ներկայանալու իրաւունք ստացած էին Ֆրանսա, Չեխիա, Ռուսիա, Պելճիքա, Իտալիա, Սպանիա եւ Շուէտ:
