OFLAMBO!- ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՊԼՈԿԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի երկրորդական բաժինի խումբ մը աշակերտներ վերջերս առաջարկով մը հանդէս եկան վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհիներէն, միեւնոյն ատեն վարժարանի ֆրանսերէնի համակարգող Հասնա Ապու Իլիասին` համացանցի մէջ ֆրանսերէնով պլոկ մը ստեղծելու մասին: Գաղափարը ողջունելի գտնելով` Ապու Իլիաս այս մասին տեղեակ պահելէ ետք վարժարանի տնօրէնը եւ անկէ ստանալով հաւանութիւն ու քաջալերանք, խումբին հետ միասնաբար լծուեցան աշխատանքի:

Վարժարանի տնօրէնութիւնը այս առթիւ հրաւիրեց վարժարանի համացանցային էջի պատասխանատու,«e-novation» ընկերութեան տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեանը, որ տնօրէնին խնդրանքով եւ յանձնարարութեամբ սկսաւ համացանցի www.mesrobian.com էջին մէջ խումբին պլոկի ստեղծման աշխատանքներուն: Տնօրէնին, համակարգող-ուսուցչուհիին, աշակերտական խումբին եւ համացանցի պատասխանատուին միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, երկուշաբթի, 23 յունուար 2012-ին, որուն ընթացքին Ր. Տեմիրճեան բացատրական աշխատանքներ տարաւ խումբի անդամներուն հետ, պլոկէն օգտուելու մասին:

Շատ արագ, համացանցի մէջ խումբին էջը, կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել` պլոկի էջը գործի դրուեցաւ «Oflambo» անուան տակ: Այս պլոկին անդամակցող աշակերտները առիթը պիտի ունենան շփուելու ֆրանսերէնով, արտայայտուելու, իրենց միտքերը, կարեւոր տեղեկութիւնները ֆրանսերէնով իրենց հասակակիցներուն փոխանցելու: Ըստ ֆրանսերէնի համակարգող Հասնա Ապու Իլիասի, ասիկա առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի մեսրոպեանցի մեր աշակերտները, եւ ոչ միայն մեսրոպեանցիները, այլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին անդամակցիլ այս պլոկին, կարենան ազատօրէն արտայայտուիլ ֆրանսերէնով` աւելի զօրացնելով իրենց լեզուական գիտելիքները, ինչպէս նաեւ անոր ընդմէջէն կարենան քաղել հետաքրքրական տեղեկութիւններ բազմաթիւ նիւթերու վերաբերեալ:

Մեզի կը մնայ յաջողութիւն մաղթել պլոկի հեղինակներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի անդամակցին այս պլոկին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

27 յունուար 2012

Share this Article
CATEGORIES