50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԺԻՊԷՅԼԻ
ԴԱՆԻԱԿԱՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ը
Քանի մը սրտցաւ հայրենակիցներ Ծնունդի առթիւ այցելեցինք Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն» որբանոցը եւ ականատեսի աչքերով տեսանք հոս կատարուած սքանչելի գործը եւ յարմար նկատեցինք մամուլին յանձնել:
«Թռչնոց բոյն»-ը կը գտնուի Պէյրութէն 35 քիլոմեթր հեռու, Ժիպէյլ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր քառասուն տարիներէ ի վեր չքաւոր հայ մանուկներ կը կերակրուին, կը խնամուին եւ կը դաստիարակուին:
Ծնունդի առիթով ծանօթացանք դանիական վարժարանի տնօրէնուհի Աննա Ճէյքըպսընի եւ յարգելի եւ վաստակաւոր պատուելի Օլաֆ Փասքիի. երկու անզուգական դէմքերու, որոնք իրենց հայրենիքը ձգած` եկած են Լիբանան եւ տասնեակ տարիներէ ի վեր իրենց աննկարագրելի հոգածութեամբ եւ զոհաբերութեամբ կը պահեն հայ չքաւոր մանուկներ:
Այցելեցինք նաեւ վարժարանի նորաշէն մանկապարտէզը, արդիական կահաւորումով եւ սքանչելի ննջարանի ու ճաշարանի յարկաբաժիններով. այցելեցինք նաեւ տղոց եւ աղջկանց յարկաբաժինները, որոնք իրենց տիպար ննջարանով, ճաշարանով եւ նախակրթարանի մը յատուկ դասարաններով տիպար գիշերօթիկ դպրոցի մը տպաւորութիւնը ունին:
Ականատես եղանք վարժարանի Ծնունդի առթիւ ունեցած հանդէսին, եկեղեցիի սրահին մէջ: Կաղանդի ծառին շուրջ փոքրիկներու պատրաստած երգերն ու արտասանութիւնները եւ խմբերգները եւ անոնց գոհունակութեան ժպիտներն ու ուրախութիւնները ցոյց կու տային, թէ անոնք մեծապէս գոհ են իրենց մեծ ընտանիքէն, իրենց պատուարժան տնօրէնուհիին եւ պատուելիին իրենց հանդէպ ցոյց տուած զոհաբերութենէն եւ ծնողական գուրգուրանքէն:
Պահ մը կը մտածեմ, թէ ի՛նչ ազնիւ եւ քրիստոնէական բարձր ոգի մը մղած է Մարիա եւ Աննա քոյրերը, որոնք 40 տարիէ ի վեր, հայկական աքսորի եւ ջարդի օրերէն ի վեր տէր կը կանգնին մեր զաւակներուն, անոնց պահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան` առանց որեւէ ակնկալութեան:
Նաեւ կը մտածեմ, թէ արդեօք կարելի չէ՞, որ մեր նոր սերունդը ի մասնաւորի հարուստ դասակարգը Լիբանանի, Ամերիկայի եւ այլուր վարակուին նոյն քրիստոնէական ոգիով եւ նոյն նուիրումն ու զոհաբերութիւնը ցոյց տան եւ օժանդակեն մեր վարժարաններու, եկեղեցիներու եւ այլ հաստատութիւններու վերելքին եւ բարգաւաճման:
Կը մաղթենք, որ հայութիւնը վարակուի դանիացի ժողովուրդի այս գեղեցիկ նուիրումի, զոհաբերելու եւ քրիստոնէական բարձր առաքինութեան ոգիէն եւ շարունակէ նպաստել, սատարել եւ օժանդակել հայութեան նիւթական, բարոյական եւ ֆիզիքական գոյութեան եւ ազգապահպանման մեծ ու նուիրական մեծ գործին:
ԹՂԹԱԿԻՑ
ՏՈՄՍԵՐ
ԵՂԲԱՅՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ
Մեծ հաճոյք մըն էր տեսնել ու լսել Ուաշինկթընի մէջ սուրիական դեսպան Օմար Ապու Ռիշէն, դիւանագէտ մը, որ նաեւ ականաւոր բանաստեղծ է: Հաճելի էին նաեւ իր գնահատական ջերմ արտայայտութիւնները մեր ժողովուրդին մասին, զոր կը ճանչնայ` հօրենական ազնիւ աւանդութեամբ:
Յարգելի դեսպանը ականատես մըն է նաեւ մեր ժողովուրդին ողբերգութեան, Ա. պատերազմի թրքական եղեռնին պատճառով եւ իր ընտանիքը մարդկայնական այնքա՛ն անձնուէր ոգի ցոյց տուած է` կարելի չափով մեղմելու համար մեր ազգակիցներուն խոր տառապանքը:
Արաբական ժողովուրդներու հանդէպ մեր զգացումները այնքան հանրածանօթ են, որ անոնց մասին կրկնութիւն մը կարծէք պիտի բերէր ստուեր մը` սովորաբար յայտնուած համակրական զեղումներու շարքին դնելով զանոնք: Հայութիւնը, իր գործով լաւագոյն եւ անհերքելի փաստը տուած է արդէն իր այդ զգացումներուն եւ որքա՛ն հաճելի էր` նոյնինքն յարգելի դեսպանին կողմէ անոնց հաստատումը լսել:
Սուրիա, Լիբանան, ինչպէս` միւս արաբ ժողովուրդները, մեզի հետ հասարակաց ճակատագիր ունեցան` կռուելով միեւնոյն բռնակալութեան դէմ, իրենց ազատագրութեան համար: Հայ ժողովուրդը նուազ բախտաւոր եղաւ, սակայն արաբները, մասնաւորաբար Սուրիա եւ Լիբանան, տառապանքի եւ պայքարի մէջ սրբագործուած եղբայրութիւն մը չմոռցան ու ամէնէն մարդկայնական ասպնջականութիւնը ցոյց տուին հայերուն: Այս վերաբերումը անկարելի է, որ մոռնայ հայ ժողովուրդը:
Նոյնիսկ հեռաւոր ափերուն վրայ իսկ, հայեր, առանց Սուրիա եւ Լիբանան գտնուելու, ամէնօրեայ հետաքրքրութիւն մը ունին այս երկիրներուն հանդէպ: Կը հրճուին, երբ լաւ լուր մը կայ անոնց մասին, եւ կը տխրին, երբ աննպաստ դէպքեր տեղի կ՛ունենան հոն: Բնականօրէն կը զգան, թէ այս երկիրներուն երջանկութիւնը կամ դժբախտութիւնը միաժամանակ եւ մե՛ր երջանկութիւնը կամ դժբախտութիւնը կը կազմեն:
Տասնեակ մը տարիներ առաջ, Մասաչուսեց նահանգին համբաւաւոր կառավարիչներէն, այժմ հանգուցեալ Քըրլի, խօսելով հայկական հանդէսի մը, իր խօսքը կ՛ուղղէ հայոց` «Սիրելի սուրիացիներ» ըսելով: Ու մինչեւ վերջ, կը կրկնէ այդ «սիրելի սուրիացիները», հակառակ անոր որ պահ մը զգացուցած էին իր սխալը:
Ճառէն ետք, երբ հանդէսին կազմակերպիչները կը յիշեցնեն, թէ ներկայները հայեր էին եւ ոչ սուրիացիներ, կառավարիչ Քըրլի, որ նաեւ շատ ժողովրդական եւ թափանցող մտքով մարդ եղած է, կը պատասխանէ. «Տարբերութիւնը ի՛նչ է որ…»:
ԳԻՍԱՒՈՐ

