ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի եւ Եւրոմիութիւն-Թուրքիա խառն յանձնախումբի համանախագահ Ճուսթ Լակենտիք հինգշաբթի, յունուար 19-ին հետաքրքրական յօդուած մը հրատարակած է «Էն. Թի. Վի.» կայանի կայքին վրայ եւ մեկնաբանութիւններ ըրած` քաղաքական գետնի վրայ ներողութիւն խնդրելու հարցին մասին: Ստորեւ համադրաբար կը ներկայացնենք անոր յօդուածը:

«Հինգ տարի առաջ սպաննուեցաւ լրագրող Հրանդ Տինք: Անոր յիշատակը վառ պահելու նպատակով, ամէն տարի Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ աշխատաժողովներ կը կազմակերպուին: Այս տարի ես ալ հրաւիրուեցայ եւ համապարփակ ելոյթ մը ունեցայ: Կը կարծեմ, որ եթէ «Ո՞րն է 2011-ի բառը» անունով մրցում մը տեղի ունենայ, «ներողութիւն խնդրել»-ը մեծ հաւանականութեամբ յաղթող պիտի հռչակուի: «Ներողութիւն» բառը առնուազն երեք դէպքերու մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցաւ.

1.- Թուրքիա «Կապոյտ Մարմարա» նաւատորմիղի հարցով պահանջեց, որ Իսրայէլ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ, սակայն իր ուզածը չստացաւ:

2.- Վարչապետ Էրտողան առաջին թուրք քաղաքագէտն էր, որ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեց պետութեան կողմէ 1936-1939 Տերսիմի մէջ աւելի քան 13 հազար քիւրտերու եւ ալեւիներու սպանութեան համար:

3.- Հակառակ բազմաթիւ քաղաքացիներու պահանջին, նոյն այդ վարչապետը մերժեց ներողութիւն խնդրել Ուլուտերէի մէջ պատահած ծանր միջադէպին համար: Ինչպէս ծանօթ է, Ուլուտերէի մէջ թրքական ռազմական օդանաւերը ռմբակոծած էին խումբ մը անմեղ գիւղացիներ, որոնք մաքսանենգութեամբ կը զբաղէին, եւ անոնցմէ 34-ը իրենց կեանքերը կորսնցուցած էին:

«Ամերիկացի փրոֆ. Կիրմա Նեքաշ իր մէկ գիրքին մէջ կը խօսի պատմութեան յառաջադէմ քաղաքագէտներու կողմէ արտասանուած «պաշտօնական գետնի վրայ ներողութիւն»-ներու մասին: Ան դիտել կու տայ, որ շինիչ ազդեցութիւն ունենալու համար «պաշտօնական ներողութիւն»-ը հետեւեալ սկզբունքներուն հետ հաշտ պէտք է ըլլայ:

– Ճշմարտութիւնը ընդունիլ եւ ճշմարտութիւնը ըսել, որքան ալ ծանր ըլլայ անիկա: Քաղաքագէտները թափանցիկ պէտք է ըլլան իրենց յայտարարութիւններուն մէջ եւ պէտք չէ փորձեն խորհրդանշական յայտարարութիւններով ձերբազատիլ իրականութենէն:

– Յստակ կերպով պէտք է յայտնի ընել, թէ ո՞վ որո՛ւ եւ որո՛նց անունով ներողութիւն կը խնդրէ: Հոս պատասխանատուութեան հարց մը կրնայ ծագիլ եւ այդ մասին ալ յստակ յայտարարութիւններ պէտք է կատարուին:

– Հրապարակային զղջում եւ կարեկցութիւն:

«Տերսիմի դէպքերուն համար ներողութիւն խնդրուեցաւ, սակայն Ուլուտերէի համար` ո՛չ: Իշխանութիւնները կարեւոր առիթ փախցուցին: Տերսիմի «ներողութեան» համար ալ անորոշութիւններ կան: Վարչապետը ներողութիւն խնդրեց, սակայն յայտնի չէ, թէ որմէ՞, կամ թէ ո՞վ է այդ դէպքերուն պատասխանատուն: Նեքաշի սկզբունքներուն համաձայն, վարչապետին «ներողութիւն»-ը թերի է: Վարչապետը անմիջապէս փորձեց պատասխանատուութիւնը բեռցնել ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ուսերուն վրայ ու այդպէս վրէժխնդիր ըլլալ մրցակից Քեմալ Քըլըճտարօղլուէն: Գալով հրապարակային զղջումի սկզբունքին` վարչապետը իսկապէս կարեկցութիւն ցոյց տուաւ:

«Տերսիմի դէպքերուն մասին կատարուած յայտարարութիւնները, պաշտօնական ներողութիւնն ու հրապարակային զղջումը ցոյց տուին, թէ Թուրքիա ու թուրք ժողովուրդը պէտք ունին տակաւին այսպիսի «ներողութիւն»-ներու, սակայն ուրիշ որեւէ կոչ չի կատարուիր թուրք պետութեան կողմէ անցեալին կատարուած միւս յանցանքներուն հետ դէմ յանդիման գալու:

«Թերեւս այսպիսի դրական ու գլխաւորաբար խորհրդանշական «ժեսթ»-երը կը շարունակուին: Եթէ շարունակուին, այն ատեն խորհրդարանին մէջ արտասանուած «զղջում»-ի ելոյթը, կարճաժամկէտ քաղաքական յաջողութեան փոխարէն, կարեւոր անկիւնադարձի մը սկզբնակէտը պիտի դառնայ: Թուրքիա ատոր շնորհիւ պիտի կարենայ մշակել բազմաթիւ սեւ էջերու հետ հաշուեյարդար տեսնելու մօտեցումը, մանաւանդ որ երկիրը չափազանց պէտք ունի այդպիսի նոր մտածողութեան»:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Share this Article
CATEGORIES