ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԹԱՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Երէկ` երկուշաբթի, 30 յունուար 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց եւ անոր հետ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Պէյրութի մարոնի առաջնորդ Մաթար արքեպիսկոպոս:
Մաթար արքեպիսկոպոս այցելած էր Պքերքէ, հետեւաբար ան վեհափառին փոխանցեց Ռայի պատրիարքին ողջոյնները եւ հրաւիրեց յառաջիկայ 7 փետրուարին ճաշի հիւրը ըլլալու պատրիարքին` Պէյրութի մարոնի համայնքի առաջնորդարանին մէջ: Արքեպիսկոպոսին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ նաեւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան եւ յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հետ առնչուած հարցերու մասին:
CATEGORIES Գաղութային


