«ԱԶԴԱԿ»-Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ԳԷՈՐԳ (ՃՈՐՃ) ԱԲԷԼԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ին, երէկ` երկուշաբթի, 30 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ մտաւորական, մշակութային եւ հանրային գործիչ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի յիշատակի երեկոն` ներկայութեամբ ընտանեկան պարագաներուն, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Տոքթ. Սեպուհ Մանճեան

Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց տոքթ. Սեպուհ Մանճեան, որ նշեց, թէ Աբէլեան մնայուն ու ամբողջական, երազ ու տեսլական ունեցող գլխագիր մարդ մըն էր, որ ազնուական եւ վաւերական իմաստով ամբողջական հայ էր:

Մանճեան շեշտեց, որ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան գաղափարի, հաւատքի, նուիրումի եւ խոնարհութեան լոյսի պէս պայծառ ու տաք հեզահամբոյր ուսուցիչ մըն էր, որ այս աշխարհէն հրաժեշտ տուաւ անաւարտ երազներով` միշտ մնալով կեանքի կենդանի օրինակ իր ցկեանս ներկայութեամբ:

Եսայի Հաւաթեան

Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանին կենսագրականը ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութենէն ետք, օրուան առաջին պատգամը փոխանցեց Եսայի Հաւաթեան, որ ներկայացուց «Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանը` մարդը» նիւթը: Հաւաթեան յայտնեց, որ Աբէլեան ունէր աշխատանքի ընդարձակ ծիրեր, որոնց մէջ արձանագրած էր մեծ յաջողութիւններ:

Ան ըսաւ, որ Աբէլեան ուսուցիչ էր, լրագրող, յօդուածագիր, մտաւորական, միութենական, ինչպէս նաեւ ունէր կուսակցական եւ եկեղեցական գործունէութիւն: Եսայի Հաւաթեան նշեց, որ Աբէլեան յաջողած մարդու օրինակն էր, որուն սիրտը Հայաստանն էր: Ան շեշտեց, որ Աբէլեան ոգիով եւ սրտով մասնակցած է Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած բոլոր տօնախմբութիւններու կազմակերպական աշխատանքներուն:

Խաչիկ Տէտէեան

Իսկ օրուան երկրորդ պատգամը փոխանցեց Խաչիկ Տէտէեան, որ ներկայացուց «Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան` գրողը» նիւթը: Ան ըսաւ, որ Աբէլեան երգիծագիր մըն է «Ձիւնական» գրչանունով` երգիծական սլաքներով, սուր ու դիպուկ նշմարներով եւ սրտցաւ հայու հոգին խռովեցնող ցեղի մը յոռի բարքերուն համար տագնապներով: Տէտէեան նշեց, որ Աբէլեանի սիրտը կը բաբախէ հայրենիքի տագնապներով, հարցերով եւ առօրեայով:

Խաչիկ Տէտէեան ըսաւ, որ Աբէլեանի մահով լիբանանահայ մամուլը կորսնցուց իր վաւերական ու յախուռն գրիչներէն մէկը, որ աւելի քան քառասուն տարի պատնէշի վրայ էր` միշտ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն եւ խորապէս համոզուած հայ մամուլի դաստիարակիչ դերին: Ան նշեց, որ Մեծ եղեռնէն վերապրածներու եւ անոր շարաւիղներու կրկնակի նահատակութեան պատմութիւնն էր անոր պատմութիւնը, սրտաճմլիկ, ահաւոր, բայց` իրական:

 

Զաքար Քէշիշեան եւ Տաթեւիկ Արթինեան

Իրմա Տէտէեան

Ներկայացնելէ ետք Աբէլեան մտաւորականի արժէքն ու գործերը, ան շեշտեց, որ Աբէլեան եղաւ ու մնաց յանձնառու մտաւորականը եւ գրողը մեր ազգային կեանքին մէջ` կառչած մնալով մեր կեանքին, ինչպէս մշակը պիտի կառչէր իր հողին, հերկեր ու մշակեր զայն իր քրտինքով, հոգիով եւ արտասուքով:

Յայտնենք, որ հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Զաքար Քէշիշեան (սրինգ, շուի) եւ Տաթեւիկ Արթինեան (դաշնակ), որոնք ներկայացուցին երկու նուագներ, մինչ Իրմա Տէտէեան ընթերցեց հեղինակի գրութիւններէն հատուած մը:

 

Share this Article
CATEGORIES