ՈՒԱԹՔԻՆԶ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄՆԱԼ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ժամանակաւոր ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը, ընտրական օրէնքն ու Ռումիէի բանտին իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Ուաթքինզ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ քննարկումները կեդրոնացած են Լիբանանի կողմէ միջազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ յանձնառութեան եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութեան շուրջ:

Ուաթքինզ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու պէտք է մնայ միջազգային բոլոր բանաձեւերու յարգումին:

Ան շեշտեց, որ Շարպելի հետ քննարկած է նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնը` ընդգծելով նաեւ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ուաթքինզ շեշտեց, որ ՄԱԿ պատրաստ է օժանդակելու ներքին գործոց նախարարութեան, որ կը պատրաստուի կազմակերպելու 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան կարենայ բարեփոխել ընտրական իր օրէնքը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES