ԺԵՄԱՅԷԼ. «ՂԱԼԻՈՒՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ԵՆՔ` ԻՄԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՅԱՅՏ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ»

Ժեմայէլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենց կողմէ կազմակերպուած Ժողովրդավարական կուսակցութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին ընդառաջած են մեծ թիւով ներկայ եւ նախկին վարչապետներ: Ան նկատել տուաւ, որ նման խորհրդաժողովի մը ընդառաջելը Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան զօրակցութիւն կը նկատուի:

Խորհրդաժողովին նպատակն էր յանձնառու մնալ արաբական աշխարհին մէջ ծաւալած յեղափոխական շարժումներուն եւ պահպանել ժողովրդավարութեան ուղին:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ խորհրդաժողովը որբ քայլ մը կամ վերջին քայլը պիտի չըլլայ, այլ` ան նախաքայլը պիտի ըլլայ ամրապնդելու համար զանազան կուսակցութիւններու աշխատանքը:

Ժեմայէլ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին եւ մարոնի համայնքի պատրիարքին եւ հանրապետութեան միւֆթիին, որոնք իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան խորհրդաժողովին: Ան նկատել տուաւ, որ խորհրդաժողովը ողջունած է արաբ ժողովուրդներուն ըմբոստութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած է ժողովրդավարական վարչակարգերուն` դատապարտելով կարգ մը ժողովուրդներու դէմ բանեցուող բռնարարքներն ու հալածանքը:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց նաեւ ամրապնդելու արաբական աշխարհին եւ Ժողովրդավարական կուսակցութեանց համադաշնակցութեան միջեւ գործակցութիւնը:

«Համադաշնակցութիւնը որոշեց Միջին Արեւելքի մէջ ունենալ իր շրջանային կեդրոնը, որ պիտի հաստատուի Պէյրութի մէջ, եւ անոր նախագահ նշանակեց Ամին Ժեմայէլը», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիունի հետ կապի մէջ են` իմանալու համար անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը: Այս ծիրին մէջ ան աւելցուց, որ իրենք յանգած են Պութրոս Խաուանտի մասին տեղեկութիւններու:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք կը յարգեն ժողովուրդներուն կամքը` աւելցնելով, որ ո՛վ որ Մայրիներու յեղափոխութեան սկզբունքները չի բաժներ, անճանաչելի կը մնայ պատմութեան կողմէ:

Ժեմայէլ եզրափակեց ըսելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր բոլոր համայնքներով բացառիկ է եւ Լիբանանի մէջ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ ժողովրդավարութենէն հրաժարիլը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES