«ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՍ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԵՆ` ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐՏԱԾՈՒՄԸ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան շեշտեց, որ լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու նպատակով իր ներկայացուցած ծրագիրները, որոնց շարքին են արտածման յատուկ կեդրոններու հիմնադրութիւնն ու ճարտարարուեստի մարզի արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած արտածումի տուրքերուն նուազեցումը, հիմնական են բարելաւելու համար արտածման դրութիւնը:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ այս ձեւով լիբանանցի գործատէրերը կը բազմապատկեն իրենց արտադրութիւնները եւ արտաքին շուկաներ կ՛որոնեն` արտածելու համար իրենց արտադրութիւնը:
Նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ այս իմաստով Լիբանանին կրնայ օժանդակել նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նշենք, որ նախարար Սապունճեան առաւօտեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի բարգաւաճման արաբական կազմակերպութեան շուկայադրումի խորհրդական Հիշամ Խտըրը:

