ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները, յատկապէս տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն միջեւ:
Ա. Քոչարեան նշեց նաեւ, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է Հայաստան-Լիբանան քաղաքական յարաբերութիւնները եւ շեշտած երկու երկիրներուն միջեւ կազմուած միջկառավարական յանձնախումբին աշխատանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ յանձնախումբը միայն մէկ անգամ հանդիպած է Երեւանի մէջ:
Դեսպան Քոչարեան ընդգծեց նաեւ, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ լիբանանցի պետական պատասխանատուներուն Հայաստան կատարած այցելութիւններուն եւ անոնց ստորագրած համաձայնութիւններուն կարեւորութիւնը:


