ՊԸՐՐԻ ՀԱՍՍԱՆ ՏԻԱՊԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Նախարար Տիապ եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը` ներկայութեամբ երեսփոխան Ալի Պեզզիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրթական հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ, որ յայտնեց, թէ Պըրրի վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը «Միտըլ Իսթ»-ի կայուն գործունէութեան պահպանումին առնչութեամբ:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կողմէ տեղեկութիւնները պէտք է տրամադրուին ըստ օրէնքի, այսինքն` դատական իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուած յատուկ արտօնութեամբ:

Պըրրի հաստատեց, որ այդ տեղեկութիւնները պէտք է տրամադրուին ապահովական նոր հիմնուած կեդրոնին, որուն մաս կը կազմեն ապահովական բոլոր կառոյցներուն ներկայացուցիչները: «Այդ ձեւով տեղեկութիւններուն բացայայտումը կրնայ իր նպատակին ծառայել եւ ապահովական ու քաղաքական յատուկ օրակարգերու չյարմարեցուիլ», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES