ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԱՈՒՔԸ ԵՒ ԱՅԼ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որ վարչապետին հետ քննարկեց շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ գործադրուելիք ահաբեկչական կարգ մը գործողութիւններու մասին բացայայտուած տեղեկութիւնները մտահոգիչ են եւ կ՛ենթադրեն երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի իր կարգին այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեկտրական հոսանք արտադրելու կարելիութիւնները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նախկին Հարաւային Եմէնի նախագահ Ալի Սալեմ Պիտը, որ յայտնեց, թէ ինք կարգ մը հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի ճարտարապետներու սենտիքաներու նախագահներ Էլի Պսայպես եւ Պաշիր Զուք:
Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 52 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:


