ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԸ

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Ժոմպլաթ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Ժոմպլաթ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց Ռուսիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովական կայունութեան պահպանումին նպատակով որդեգրուած միջոցները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ընտրական օրինագիծն ու վարչական ապակեդրոնացման օրէնքի մշակման նախապատրաստական աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան տագնապին եւ անոր անմիջական լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի:

Քննարկուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ֆարիտ Խազենը եւ Տար Ֆաթուայի մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ ստացաւ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Տար Ֆաթուայի կազմակերպած Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 3 փետրուարին:

 

Share this Article
CATEGORIES