ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԻ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարելիութիւնները, կառավարութեան աշխատանքներուն նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքը:

Քննարկուեցաւ նաեւ շրջանային կացութիւնն ու անոր անդրադարձը Լիբանանի վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES