ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԽԵԱԼ Է ԱՆՈՐ ՀԵՏԱԳԱՅ ՔԱՅԼԵՐԷՆ

Ազրպէյճանական «ԱԶԷ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի փոխնախագահ, «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Այտըն Միրզազատէ` մեկնաբանելով որոշ թրքական լրատուամիջոցներու այն լրատուութիւնը, թէ ազրպէյճանեան կողմը Ֆրանսան Մինսքի խմբակէն հեռացնելու որոշում չէ տուած, յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի գործունէութեան շարունակութիւնը կախեալ է այդ երկրին քայլերէն:

Միրզազատէ նշած է, որ Ֆրանսան Մինսքի խմբակէն հեռացնելու համար բաւական է միայն Ազրպէյճանի բողոքը` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի 23 յունուարի որոշումէն ետք այդ երկիրը կորսնցուցած է իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ իր նկատմամբ վստահութիւնը: Ըստ անոր, Ֆրանսա չկրցաւ առարկայական եւ անաչառ դիրքորոշում որդեգրել:

«Այժմ Մինսքի խմբակէն Ֆրանսան հեռացնելու հարցը Ազրպէյճանի մէջ լուրջ քննարկումներու առարկայ դարձած է: Եթէ Ֆրանսայի նախագահը ծերակոյտի որոշումը ստորագրէ, ապա կարելի է լուրջ կերպով քննարկել այդ հարցը: Այդ քննարկումները Ազրպէյճանի օրակարգին վրայ են եւ Ազրպէյճան ատոր իրաւունքը ունի: Ամէն ինչ կախեալ է հոլովոյթներու հետագայ ընթացքէն: Ատիկա ոչ միայն Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի ստորագրումն է, կան նաեւ այլ հարցեր: Միւս կողմէ, եթէ 20 տարուան մէջ Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի գործունէութիւնը օգուտ չտուաւ, ապա կ՛արժէ՞ արդեօք այժմ զայն խմբակին մէջ ձգել: Թերեւս կայ աւելի արդիւնաւէտ ձեւաչափ, այլ տարբերակներ: Այժմ ասոնք Ազրպէյճանի մէջ ամէնէն շատ քննարկուող նիւթերն են», ըսած է երեսփոխանը:

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ. «ՈՐՈՇՈՂԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՉԷ»

Մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, որ եթէ Ֆրանսա մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ, ապա Թուրքիա եւս պէտք է տագնապին միջնորդ դառնայ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հայկական պատկերասփիւռի կայաններուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան չէ, որ պիտի որոշէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ձեւաչափը:

«Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ եթէ Թուրքիան իսկապէս անկեղծօրէն կը ցանկայ օգնել այս հոլովոյթին, ապա պէտք է որքան կարելի է հեռու մնայ անկէ: Ի հարկէ, թրքական կողմը, երբ անոր առջեւ կը փակեն դուռը, կը փորձէ ծխնելոյզէն, երդիքէն ներս մտնել: Ատիկա առաջին անգամը չէ, եւ զարմանք չի յառաջացներ», նշած է նախարարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES