ԹՈՒՐՔ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «1915-Ի ԴԷՊՔԵՐԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ, ԹՈՂ ԳԱՆ ՈՒ ԶԻՍ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՆ»

Էկեմեն Պաղըշ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ Ցիւրիխի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է. «Մենք այժմ Զուիցերիոյ մէջ ենք, եւ ես կը յայտարարեմ, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն: Թող գան ու զիս ձերբակալեն»:

Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է անդրադառնալով Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումի հարցին:

«Այդ օրինագիծը մեզի համար ուժ չունի: Ֆրանսայի մէջ խելօքները աւելի շատ են, քան անխելքները: Զուիցերիոյ մէջ, ինչպէս գիտէք, ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք կայ: Մենք այժմ Զուիցերիոյ մէջ ենք, եւ ես կը յայտարարեմ, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն: Թող գան ու զիս ձերբակալեն», ըսած է թուրք նախարարը եւ աւելցուցած, որ «այսպիսի ջանքերը երկար կեանք չունին, ատիկա թուղթի կտոր է եւ ոչ աւելի»:

Share this Article
CATEGORIES