ՕՍԿԱՆԵԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ` ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼՈՎ ԱՐԴԱՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՎՐԱՅ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Օսկանեան յայտարարեց, որ ինք խորապէս կը հաւատայ, որ Հայաստանի համար ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը շատ կարեւոր է:
Ըստ անոր, Հայաստան լրջագոյն եւ խորքային բարեփոխումներու կարիք ունի, եւ համոզուած է, որ երկրի բոլոր քաղաքացիները այդպէս կը մտածեն: Վարդան Օսկանեան երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ բարեփոխումներ ու փոփոխութիւններ կ՛իրականացուին, եթէ նոր խորհրդարանին մէջ քաղաքական նոր յարաբերակցութիւն ստեղծուի, եւ քաղաքական նոր յարաբերակցութիւն խորհրդարանին մէջ միայն ազատ եւ արդար ընտրութիւնները կրնան ապահովել:
«Ասիկա է իմ քաղաքական ներգրաւուածութեանս հիմնական դրդապատճառը: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ իմ ներգրաւուածութեանս մասին խօսակցութիւնները անհիմն չեն: Բարգաւաճ Հայաստանի հետ նման քննարկումներ ունեցած եմ, բայց այլ քաղաքական ուժերու հետ նաեւ ունեցած եմ քննարկումներ: Այս պահուն ես տակաւին որոշում չեմ տուած եւ կը կարծեմ, որ վերջնական որոշման համար տակաւին ժամանակ կայ: Սակայն բացառուած չէ, որ ներքաղաքական հոլովոյթները ինծի ստիպեն, որ արագացնեմ որոշումս», ընդգծեց Վարդան Օսկանեան:
Ան նշեց, որ այսօր միաժամանակ ընթացքի մէջ են քանի մը հոլովոյթներ: Առաջինը` վարագոյրներու ետին ընթացող քննարկումներն են տարբեր կուսակցութիւններու, ներառեալ համաձայնական կառավարութեան ուժերուն միջեւ: Երկրորդը` քաղաքական դրդապատճառներով ճնշումներ տարբեր կուսակցութիւններու` յատկապէս Բարգաւաճ Հայաստանի վրայ: Երրորդը` նախընտրական այս հանգրուանին մէջ արդէն վարչական աղբիւրներու օգտագործումը ընտրական հոլովոյթին մէջ շահեկան դիրքեր զբաղեցնելու նպատակով: Եւ վերջապէս խորհրդարանի կազմաւորման հարցին մէջ ամէնէն կարեւորը` ընթացող քննարկումները մեծամասնական-համամասնական տարբերակներուն շուրջ:
Վ. Օսկանեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը հաշուի առնելով` յստակ է, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին բացառապէս համամասնական ընտրակարգով: Բայց ատիկա կարելի չէ, քանի որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը անզիջող կեցուածք որդեգրած է այդ հարցին շուրջ: Ըստ Օսկանեանի, ցանկալի պիտի ըլլար, որ բոլոր այն ուժերը, որոնք կը պաշտպանեն համամասնական մօտեցումը` Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ ազգային քոնկրես, ՀՅԴ, Ժառանգութիւն, Ժողովրդական կուսակցութիւն, Ազատ դեմոկրատներ եւ ուրիշներ, այս հարցին շուրջ յառաջիկայ խորհրդարանական լսումներէն ետք այլեւս ժամանակ չկորսնցնեն եւ այս ընդհանուր մօտեցումը վերածեն քաղաքացիական շարժման` կեդրոնանալով արդար ընտրութիւններ կայացնելու վրայ, չբացառելով նոյնիսկ այդ ուժերու աւելի սերտ համագործակցութիւնը մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:


