ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՇՈՒՐՋ 150 ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ` ՄԷԿ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներով` 22-28 յունուարին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերի շփման գիծին վրայ արձանագրուեցան ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան շուրջ 150 խախտումներ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէն հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է 500-է աւելի կրակոց:
«Բանակի յառաջապահ ուժերը զերծ մնացած են հրահրիչ գործողութիւններուն պատասխանելէ եւ շարունակած են վստահութեամբ իրականացնել մարտական հերթապահութիւնը», ըսուած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքի հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

