ԱՐԹՈՒՐ ԵՏԻԿԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԽԻՄՔԻԻ
Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Արթուր Ետիկարեան միացաւ Խիմքիի (Ռուսիա), որ այժմ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ, կը յայտնէ Armsport.am` մէջբերելով հայկական ակումբին պաշտօնական կայքէջին հրապարակած լուրը:
Ետիկարեան, որ նախապէս մաս կը կազմէր իրանեան Փաս խումբին, մօտերս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Խիմքիի կատարելիք բարեկամական երկու մրցումներուն:
Բացի ասկէ, Խիմքիի հետ այժմ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ նաեւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին մաս կազմող Էդուարդ Թաթոյեան:
Նշենք, որ Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող Խիմքիի մարզիկներէն են Ռոման Պերեզովսքի եւ Արտակ Ալեքսանեան:
Հայկական լրատու վերոնշեալ աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Լոքոմոթիւ-2 խումբին մաս կազմող հայրենի ֆութպոլիստ Յովհաննէս Գոհարեան եօթը այլ մարզիկներու հետ նոր ակումբ մը փնտռելու աշխատանքին լծուած են, որովհետեւ անոնց ակումբը չ՛ուզեր նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել անոնց:


