ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԴՈՒՐՍ ՁԳԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԸ

Տըրք Քիւյթ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումները:

Լիվըրփուլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը: Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Տըրք Քիւյթ մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ նշանակեց Լիվըրփուլի յաղթանակի կոլը:

Բ. դասակարգին մաս կազմող Պրայթըն անակնկալ մը ստեղծեց, երբ իր կարգին ապահովեց Ե. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը` յաղթելէ ետք Նիւքասըլի (1-0):

 

Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ – Չելսի 0-1
Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-1
Պլեքփուլ – Շեֆիլտ Ուենզտէյ 1-1
Պոլթըն – Սուանզի 2-1
Տերպի Քաունթի – Սթոք 0-2
Հալ Սիթի – Քրոըլի 0-1
Լայսթըր Սիթի – Սուինիտըն 2-0
Միլուոլ – Սաութհեմփթըն 1-1
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Պիրմինկհեմ 0-4
Սթիւընէյճ – Նոթց Քաունթի 1-0
Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիըն – Նորուիչ 1-2
Պրայթըն – Նիւքասըլ 1-0
Սանտըրլենտ – Միտըլզպորօ 1-1
Արսենալ – Ասթոն Վիլա 3-2
Ուաթֆորտ – Թոթենհամ 0-1
Էվըրթըն – Ֆուլհեմ 2-1

 

Share this Article
CATEGORIES