ՃԱՏՐԱԿ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻՆԱՐԵՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը, մէջբերելով chess-new.ru-ի հրապարակած լուրը, կը յայտնէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Լինարեսի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ 21-29 ապրիլին մրցում ունի կատարելիք Վլատիմիր Քրամնիքի դէմ: Անոնք 23 եւ 26 ապրիլին մրցում չունին կատարելիք:
Անոնք երկուքը իրարու հետ համաձայնագիր կնքած են, որպէսզի իրարու դէմ կատարեն վեց մրցում: Այդ մրցումները երկու վարպետներուն համար պիտի ըլլան իսկական մարզումներ:
Շատ հաւանական է, որ անոնց միջեւ այդ մրցումը տեղի ունենայ Զուիցերիոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական


