ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՏԱՈՒՏ ՇԸՀԷՅՊ ՀԱՍԱՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Օրթոտոքսի ակումբին մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցող փինկ փոնկի արաբական բաժակի տղոց մրցաշարքին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, լիբանանցի Տաուտ Շըհէյպ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Ան այսօր` երեքշաբթի, 31 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին կը մրցի Քուէյթի ախոյեան Իպրահիմ Հասանի դէմ:

Տաուտ, որ այսպիսով հանդիսացաւ առաջին լիբանանցին, որ կը հասնի այս հանգրուանին, յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ 2012-ի Լոնտոնի Ամառնային ողիմպիական խաղերու իր տոմսը:

Ան քառորդ աւարտականին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Ապտել Ազիզ Ապատի, իսկ կիսաւարտականին` պահրէյնցի Համատ Պօ Հաժի:

 

Share this Article
CATEGORIES