ԳՐԻԳՈՐ ՄԵԼԻՔՍԷԹԵԱՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ

Գրիգոր Մելիքսէթեան

Իրանեան Փէյքան խումբին հետ ելոյթ ունեցող 25 տարեկան հայ բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` մասնակցելու համար Կիպրոսի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն:

Իր լուրերը քաղելով իրանեան մամուլէն` Armsport.am կը յայտնէ, որ Մելիքսէթեան փետրուարի երկրորդ կիսուն պիտի ժամանէ Երեւան:

2011-ի ամրան, Փէյքանի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած Մելիքսէթեան այժմ խումբին հիմնական բերդապահն է: Անոր կազմը այժմ Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. խմբակին մէջ կը գրաւէ պարագուլխի դիրքը` 14 խումբերուն մէջ:

Նշենք, որ ան միջազգային մրցումի իր մասնակցութիւնը բերած է, երբ Փիւնիկի հետ մասնակցած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին:

Բացի ատկէ, ան կատարած է նաեւ շարք մը մրցումներ` Հայաստանի երիտասարդներու եւ պատանիներու հաւաքականներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES