50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 1 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ… ՓԱՐԻԶ
ՀԱՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի ՊԱՏՈՒԻ
Ֆրանսական ձայնասփիւռը անցած կիրակի օր հայկական հպարտութեամբ լեցուն օր մը շնորհեց արտասահմանի հայութեան:
Առաւօտուն հայկական հանդիսաւոր պատարագն էր, զոր Վատիկանի կայանը կը ձայնասփռէր, եւ որ կը հասնէր հայկական սրտերուն, մինչ կէսօրէ ետք խնամքով պատրաստուած յայտագիր մը ֆրանսացիներուն կը ներկայացնէր Վարուժանը եւ Չարենցը:
Ներկայացման ձեւը, ընկերացող հայկական յուզիչ այլ հարազատ երաժշտութիւնը, երկու ձեռնհաս խօսնակներուն տուած ամփոփ եւ փոքր վրիպումներով տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ Ժան-Ժագ Ասլանեանի եւ Հայկուհի Խտըշեանի մասնակցութիւնը շատ յաջող յայտագիր մը մէջտեղ բերած էին: Լայն տեղեկութիւններ Վարուժանի եւ Չարենցի անձին ու գործին մասին, հայերէն եւ ֆրանսերէն կտորներ լաւագոյնս ներկայացուցին ֆրանսացի ունկնդիրին, հայոց բանաստեղծները:
Ծանօթ բանաստեղծ Ռուբէն Մելիք պատասխանելով իրեն եղած հարցումներուն` հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ հայ գրականութեան մասին, մատնանշելով անոր կրած ազդեցութիւնը Արեւմուտքէն, մանաւանդ Ֆրանսայէն: Ռուբէն Մելիք յիշեց նաեւ Փոլ Էլիւարի մէկ յատկանշական պատասխանը հայ լրագրողի մը, ուր ֆրանսացի տաղանդաւոր բանաստեղծը կը յայտնէր, թէ` «Հայկական գրականութիւնը ամբողջ դիմադրութեան գրականութիւն մըն է»:
«ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ
ՆՈՐ ԳՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի գրախօսներէն Չարլզ Փուր կը ներկայացնէ Ուիլիըմ Սարոյեանի վերջին գործը` «Հոս կու գայ, հոն կ՛երթայ: Գիտէ՞ք, թէ ով», ու կ՛ըսէ, ի միջի այլոց.-
– Ուիլիըմ Սարոյեանի նոր աշխարհը, զոր կը ստեղծէ իրեն եւ իր ընթերցողներուն համար, ձեւով մը ոգիներէ յաճախուած տուն է: Անոր մէջ ամէնէն նեղացուցիչը հարկահաւաք կոչուած է, որ հաւանաբար կ՛անձնաւորէ Միացեալ Նահանգներու Անհատական տուրքի սպասարկութիւնը, որ ահաբեկիչ յամառութեամբ, վճարելի հաշիւներ կը ներկայացնէ:
Ան նոյնպէս կը հալածուի «ոգիէ»-ն Բ. Մեծ պատերազմին, իրողութիւն մը` մարդկային կամ անմարդկային պատմութեան, որ կը թուի, թէ ցաւագին դադար մը պատճառած է իր բարօրութեան թափին եւ տրամադրութեան վրայ: Յայտնապէս, պատերազմէն ի վեր նուազած է իր երբեմնի արեւոտ, անհոգ, հասոյթ-երազող եսը: Կացութեան փոփոխութիւն մը կ՛ազդէ մարդու մը գործին վրայ: «Հոս կու գայ, հոն կ՛երթայ: Գիտէ՞ք, թէ ով»-ին մէջ իր վերածնունդին նպաստած է ձգտում մը` աւելի կանգ առնելու աշխարհայինին վրայ, եւ նուազ` զաւեշտականին:
Գրքին մէջ շատ բան կայ Քալիֆորնիոյ ինքնատիպ հայ տիպարներու մասին, ճամբորդական գեղեցիկ նկարագրութիւններ եւ այլն:
Հատորը իբրեւ ինքնակենսագրութիւն կը ներկայացուի, սակայն խառնուրդ մըն է «երեւակայութեան եւ իրականութեան»:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
«ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ»
Հայկազեան քոլեճի վերջին հայագիտական դասախօսն էր Ս. Սիմոնեան, որ իր ետին թողած է ուսուցչական մեծ վաստակ մը, եւ որ հիմա կը վարէ քաղաքիս մեծագոյն հրատարակչատուներէն մին:
Յարգելի դասախօսը նախ ցաւ յայտնեց, որ մենք չենք ունեցած հայ Հոմերոս մը` մեր մեծագոյն դիւցազներգութիւնը երգելու համար…
«Սասունցի Դաւիթ»-ը իր վիպային ձեւը առած է ասկէ 1000-1100 տարիներ առաջ, եւ ասողներու միջոցով, որոնք ընդհանրապէս բուրդ գզողներ եւ առեւտրականներ էին, հասած է մինչեւ ԺԹ. դար, երբ Սրուանձտեանց գրի կ՛առնէր զայն:
Շատեր գրած են այս նիւթի մասին, ինչպիսիք են` Մ. Աբեղեան, Յովսէփեանց վարդապետ (ապա կաթողիկոս), Մ. Օհանջանեան, Կ. Սասունի եւ ուրիշներ: Տասնհինգ հազար ուսումնասիրական մեծադիր էջեր յատկացուած են այս դիւցազներգութեան:
«Սասունցի Դաւիթ»-ը վաթսուն տարբերակներով արտայայտուած է եւ պատմութիւնն է չորս հայկական սերունդներու, որոնք երեք հարիւր տարուան պայքար մը կը մղեն հարաւի թշնամիներուն դէմ: Այս կէտին մէջ քիչ մը նմանութիւն կայ Հայկի դիւցազներգութեան հետ, քանզի Հայկն ալ հարաւի թշնամիին դէմ մաքառեցաւ:
Երեք սերունդներու` Սանասարի, Առիւծ Մհերի եւ Փոքր Մհերի յատկացուած մասերը դիցաբանական են, մինչ Դաւիթի, որ երրորդ սերունդն է, առաւելաբար պատմական է:
Դ. ճիւղը կամ սերունդը, որ մարմնաւորուած է Փոքր Մհերով հաւատքի եւ յուսոյ ներշնչարան մըն է գալիք արդարութեան հանդէպ:
Այս դիցաբանութեան հիմնական գաղափարն է, ժողովուրդի ազատագրութիւն եւ ժողովրդասիրութիւն:
Իսկ տիրական ոգիներն են` վեհանձնութիւն, կրօնասիրութիւն առանց մոլուցքի սակայն, եւ` աշխատասիրութիւն:
Իր բարոյական արժէքով, «Սասունցի Դաւիթ»-ին դիւցազներգութիւնը համաշխարհային դիւցազներգութեանց առաջին գծին վրայ կու գայ:
Յարգելի դասախօսը իր խօսքը վերջացուց` մաղթելով, որ մենք եւս ունենանք մեր Հոմերոսը:
Մաղթելի է, որ այդ Հոմերոսը գայ… Սասունէն…
Յաջորդ շաբաթ քննութիւններու պատճառով դասախօսութիւն չկայ, իսկ անոր յաջորդող շաբթուան դասախօսն է երիտասարդ մտաւորական Գրիգոր Շահինեան:
Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

