ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ԱԳՈՒԼԻՍԻ ԱԿԱՆԱՒՈՐ
ՏՈՀՄԵՐԸ
Ագուլիսի մէջ մեծ, հեղինակաւոր եւ դպրութեան ու մշակոյթի անուանի դէմքեր տուած գերդաստաններ են Տէր Մկրտչեանները, Արասխանեանները, Քալանթարեանները եւ Աբէեանները:
ՏԷՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆՆԵՐ
Տէր Մկրտչեանները կամ Տէրեանները Ագուլիսի ամէնէն մեծ, բազմաճիւղ եւ մեծահարուստ տոհմերէն են: Տոհմին նահապետը Տէր Մկրտիչ քահանան է, որ ապրած է ԺԷ. դարու վերջաւորութեան: Անոր զաւակներն են` Գէորգ, Գրիգոր եւ Մինաս, որոնց անուններով ալ տոհմը երեք ճիւղի բաժնուեցաւ: Գէորգի սերունդն է` Յովհաննէս եւ անոր զաւակները` Գէորգ, Թադէոս, Սարգիս եւ Մինաս. Գրիգորի սերունդը` Գալուստ եւ Մկրտիչ. Գալուստի զաւակները` Աւետիս եւ Ալեքսանտր. Մկրտիչի զաւակները` Ստեփան, Քրիստափոր, Մարտիրոս եւ Գրիգոր: Մինասի զաւակը` Կարապետ:
Տէր Մկրտչեանները ագուլեցի առաջին ընտանիքը եղան, որոնք մետաքսի առեւտուրով զբաղելով մեծ հարստութիւն դիզեցին: Անոնք ոչ միայն իրենց, այլեւ համագիւղացիներու զաւակներու կրթութեան հոգ տարին եւ մեծ նուիրատուութիւններ կատարեցին Ագուլիսի հայկական դպրոցին: Տէր Մկրտչեանները հայ դպրութեան, մշակոյթի ու գիտութեան շարք մը երախտաւորներ տուին: Անոնք նաեւ իրենց հայրենի Գողթնի, ինչպէս նաեւ Երեւանի նահանգին, Թիֆլիսի եւ այլ շրջաններու մէջ բազմաթիւ բարեգործութիւններ կատարեցին:
Ժամանակի ընթացքին Տէր Մկրտչեանները բազմացան եւ անոնց մէկ ճիւղը կեդրոնացաւ Ցղնայի մէջ:
Մկրտիչ Տէր Մկրտչեան ԺԹ. դարու կէսերուն ամբողջ Նախիջեւանի եւ Երեւանի նահանգին ամէնէն հարուստ եւ ազդեցիկ անձերէն մէկը դարձաւ եւ Նախիջեւանի վիճակի ուսումնարաններուն տեսուչը եղաւ: Անոր նիւթական աջակցութեամբ Ագուլիսի եւ Գողթնի տարբեր գիւղերու մէջ դպրոցներ բացուեցան եւ պատմական շարք մը յուշարձաններ նորոգուեցան: 1854-ին եւ 1866-ին իր ծախսով նորոգել տուաւ Շամբի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի վանքի զանգակատունը եւ եկեղեցւոյ տանիքը:
Մկրտիչի կինը` Եղիսաբէթ իր կարգին շարք մը բարեգործութիւններ կատարեց եւ 1867-էն 1913 Ագուլիսի Հայկանուշեան Օրիորդաց դպրոցին տեսչուհին եղաւ:
Գրիգոր Տէր Մկրտչեան, Մկրտիչի եւ Եղիսաբէթի զաւակը, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացաւ: 1863-ին Ագուլիսի մէջ գրադարան-ընթերցարան բացաւ, թարգմանական աշխատանքներ տարաւ եւ Ագուլիսի մէջ նոր դպրոց բանալու կանոնադրութիւն մշակեց: Այդ կանոնադրութեան հիմամբ հետագային Պերճ Պռոշեան Ագուլիսի տղոց եւ աղջիկներու դպրոցներու կանոնադրութիւնը կազմեց:
Գալուստ Տէր Մկրտչեան իր կարգին բարեգործութիւններ կատարեց, եւ իր միջոցներով ու ագուլեցիներուն մասնակցութեամբ Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքի եկեղեցիին տանիքը նորոգուեցաւ:
Ալեքսանտր Տէր Մկրտչեան, Գալուստի զաւակը, Շաշա աղա կոչումին արժանացաւ: Եղբօր` Աւետիսի հետ նորոգել տուաւ Ազայի հնգաթռիչք կամուրջը, Շամբի Սուրբ Ստեփանոս վանքին տանիքը եւ այլ յուշարձաններ:
Ստեփան Տէր Մկրտչեան Թիֆլիսի, Մոսկուայի եւ Լայփցիկի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացաւ եւ հմտացաւ տնտեսագիտութեան մէջ: Երկար տարիներ ապրած է Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ:
Քրիստափոր Տէր Մկրտչեան Մոնփելիէի գինեգործական հիմնարկէն շրջանաւարտ գիւղատնտես գինեգործ էր եւ գլխաւորաբար Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ ապրած է:
Կարապետ եպիսկոպոս Տէր Մկրտչեան տոհմին ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչը եղաւ: Ծնած` 1866-ին, Ցղնա, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ ուսում ստացաւ եւ կուսակրօն քահանայ եղաւ: 1889-ին Գերմանիա մեկնեցաւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար եւ Լայփցիկի, Պերլինի ու Թիւպինկէնի համալսարաններու դասընթացքներուն հետեւեցաւ: Լայփցիկի մէջ 1893-ին հրատարակած «Պաւլիկեանք Բիւզանդական կայսրութեան մէջ եւ անոնց ցեղակից աղանդաւորական երեւոյթները Հայաստանի մէջ» գերմաներէն աշխատութեան համար 1894-ին փիլիսոփայութեան գիտնականի աստիճանին արժանացաւ եւ Էջմիածին վերադարձաւ:
Կարապետ վարդապետ 1899-ին Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ նշանակուեցաւ, իսկ 1902-էն 1906 կաթողիկոսարանին «Արարատ» ամսագիրին խմբագիրը եղաւ: 1907-ին Ատրպատականի թեմի առաջնորդ նշանակուեցաւ եւ 1909-էն 1912 Թաւրիզի մէջ «Առաւօտ» շաբաթաթերթը հրատարակեց: Պարսկաստանի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայերէն հին ձեռագիրներ հաւաքեց եւ Էջմիածնի մատենադարանին ուղարկեց: 1909-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ: 1910-էն 1912 խմբագրեց «Թաւրիզի յայտարարութիւններ» թերթը: 1914-ին Շամախի թեմի առաջնորդ նշանակուեցաւ: Վախճանեցաւ 1915-ին, Պաքուի մէջ:
ԱՐԱՍԽԱՆԵԱՆՆԵՐ
Արասխանեանները Ագուլիսի մեծ եւ նշանաւոր տոհմերէն են եւ մետաքսի արտադրութեան գործարաններ ունէին Ագուլիսի եւ Օրտուպատի մէջ: Անոնք անուանի էին իբրեւ բարեգործ եւ ժողովրդանուէր ընտանիք:
Արասխանեանները Վերին Ագուլիսի կեդրոնական թաղամասին մէջ կեդրոնացած էին, ուր կը գտնուէին հարուստ դասակարգի բնակարանները: Անոնց պապենական տունը գեղեցիկ էր. առջեւը տարածուած էր պարտէզը, ուր օտար վայրերէ բերուած ծաղիկներ ու վարդեր կը մշակէին:
Ագուլիսի Արասխանեաններուն մետաքսի գործարանը հիմնուած էր ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ տարեկան շերամի եօթանասուն հազար տուփ հունտ ու 25-էն 27 փութ բոժոժ կ՛արտադրէր: Միաժամանակ Արասխանեաններ գործարաններ հիմնած էին Օրտուպատի, Հանդամէջի եւ Ցղնայի մէջ: Բոլոր գործարանները միասին տարեկան մինչեւ յիսուն հազար փութ բոժոժ կ՛արտադրէին, որոնց մետաքսաթելը մեծ մասամբ արտասահման կ՛արտահանուէր: 1898-ին արժանացաւ ցուցահանդէսային արծաթեայ մետալի:
Տոհմին ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչը եղաւ Մկրտում Արասխանեանի զաւակը` Աւետիք Արասխանեան: Ծնած` 1857-ին, Ագուլիս, սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրին մէջ, իբրեւ ուսուցիչներ ունենալով Պերճ Պռոշեանն ու Րաֆֆին: 1870-ին Թիֆլիս ուղարկուեցաւ, ուր յաճախեց ռուսական ռէալական դպրոցը: 1876-ին արտասահման մեկնեցաւ եւ հետեւեցաւ Փարիզի, Լայփցիկի եւ Սթրասպուրկի համալսարաններու դասընթացքներուն: 1882-ին դոկտորայի տիտղոսով վկայուեցաւ եւ Թիֆլիս վերադառնալով դասաւանդեց Գայեանեան եւ Ներսիսեան վարժարաններուն մէջ: Այդ ժամանակ ալ պատրաստեց «Արեւելեան ազգերի հին դարերի պատմութիւնը», որ տպագրուեցաւ 1891-ին: Աշխատակցեցաւ «Մշակ»-ին եւ տնտեսագիտական բնոյթի հետազօտութիւններ կատարեց: Հասարակական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ: 1901-էն 1911 քաղաքատնտեսութիւն դասաւանդեց Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, որմէ ետք Ախալքալաքի հայկական դպրոցներուն տեսուչը եղաւ: Մահացաւ 1912-ին, Ախալքալաքի մէջ:
ՔԱԼԱՆԹԱՐԵԱՆՆԵՐ
Քալանթարեանները Ագուլիսի համբաւաւոր տոհմերէն են եւ հայ դպրութեան ու մշակոյթին շարք մը երախտաւորներ տուած են:
Տոհմի նահապետներէն անուանի դարձաւ Հայրապետ Քալանթարեան (1826-1913), որ Տաթեւի եւ Էջմիածնի վանքերուն մէջ կրթութիւն ստացաւ, իբրեւ ուսուցիչ ունենալով Ղազար վարդապետը: 1848-ին Ստորին Ագուլիսի մէջ տղոց դպրոց բացաւ, իսկ այնուհետեւ` սեփական մասնաւոր դպրոց: Կինը` Նունէ (1834-1906) մանկավարժ էր եւ ամուսնոյն հետ սեփական դպրոցի հիմնադիրներէն եւ վարժուհիներէն եղաւ: Հայրապետ եւ Նունէ Քալանթարեաններուն զաւակներն են` Ալեքսանտր, Անուշաւան, Գրիգոր, Աւետիս, Մուշեղ, Արշակ եւ Տիգրան:
Դաւիթ Քալանթարեան (1847-1918), Ագուլիսի տարրական եւ ապա Խալիբեան դպրոցը աւարտելէ ետք արտասահման մեկնեցաւ եւ Վիեննայի ու Լայփցիկի համալսարաններէն շրջանաւարտ եղաւ իբրեւ հոգեբան-բնախօս եւ մանկավարժ: Ագուլիս վերադառնալով նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին: 1870-1880-ական տարիներուն Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ դասաւանդեց հոգեբանութիւն եւ մեծ աշխատանք տարաւ գիտական մանկավարժութեան տարածման համար: 1888-էն 1890 Տրապիզոնի Ազգային վարժարանին տեսուչը եղաւ: Այնուհետեւ մեկնեցաւ Պրուսա, ուր կնոջ` Թագուհի Մանիսալեանի հետ 1890-ին սեփական դպրոց հիմնեց, որ գործեց մինչեւ 1910: Գլխաւորաբար «Բիւզանդիոն» պարբերականին մէջ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ այլ հարցերու շուրջ յօդուածներ հրատարակեց: 1915-ին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ընտանիքով ձերբակալուեցաւ: Երեք ամսուան բանտարկութենէ ետք կինը ազատ արձակուեցաւ, իսկ ինք եւ միակ զաւակը` Վարդուհին ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցան: Երեք տարի Պոլիս բանտ մնալէն ետք, օտարազգի քաղաքական գործիչներու միջամտութեամբ 1918-ին ազատ արձակուեցաւ եւ նոյն տարուան օգոստոսին մահացաւ:
Արսէն Քալանթարեան (1850-1920-ական տարիներ) Կեյզէնհայմի (Գերմանիա) համալսարանէն շրջանաւարտ գիւղատնտես, Թիֆլիսի մէջ բնակութիւն հաստատեց: Մամուլին մէջ գիւղատնտեսութեան հարցերուն նուիրուած յօդուածներ հրատարակեց. ունի նաեւ թարգմանական աշխատանքներ:
Ալեքսանտր Քալանթարեան (1855-1915), Հայրապետի եւ Նունէի զաւակը, սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ հօր մօտ, ապա անցաւ Պաքու եւ ընդունուեցաւ ռուսական միջնակարգ դպրոցը: Մոսկուա փոխադրուելով մտաւ տեխնիկական դպրոցը, ապա, 1879-ին աւարտեց Փեթրովսքի գիւղատնտեսական բարձրագոյն դպրոցը:
Տակաւին ուսանողութեան շրջանէն աշխատակցեցաւ «Մշակ» թերթին, իսկ հետագային թարգմանական եւ ուրոյն աշխատութիւններ հրատարակեց, յաճախ` Նամալեան եւ Վրձին գրական անուններով: Արժէքաւոր աշխատութիւններէն յիշենք «Պատրիկեանի նամակները» եւ «Մանրանկարներ» (երկու հատորով):
Ռուսական իշխանութիւններուն յանձնարարութեամբ 1892-1893-ին ճամբորդեց Եւրոպա, ուսումնասիրելու համար կաթնատնտեսութիւնն ու անասնաբուծութիւնը: Վերադառնալէն ետք հրատարակեց աւելի քան յիսուն աշխատութիւններ` գիւղատնտեսութեան եւ յարակից գիտութիւններու մասին:
Ալեքսանտր Քալանթարեան հիմնեց եւ ղեկավարեց Կովկասի կայսերական գիւղատնտեսութեան ընկերութիւնը: Երկար տարիներ ղեկավարեց Թիֆլիսի հայ հրատարակչական ընկերութիւնը եւ «Կավկազսքոյէ սելսքոյէ խոզյայսթվօ» թերթը խմբագրեց: 1893-ին «Մշակ» թերթի խմբագիրը եղաւ: Հեղինակ է աւելի քան 140 աշխատութիւններու:
Աւետիս Քալանթարեան (1859-1937) Ալեքսանտրի եղբայրը, Մոսկուայի գիւղատնտեսական բարձրագոյն դպրոցէն շրջանաւարտ, կաթնատնտեսութեան եւ անասնապահութեան բնագաւառի գիտնական, 1934-ին աշխատանքի հերոսի կոչումին արժանացաւ:
Անուշաւան Քալանթարեան (1860-1920-ական տարիներ) Ալեքսանտրի եւ Աւետիսի եղբայրը, Պերլինի համալսարանէն շրջանաւարտ քիմիագէտ, Թիֆլիսի մէջ բնակութիւն հաստատեց: Աշխատակցեցաւ «Մշակ» եւ «Մուրճ» թերթերուն, հրատարակելով շարք մը յօդուածներ:
ԱԲԷԵԱՆՆԵՐ
Աբէեանները Ագուլիսի ամէնէն բազմանդամ տոհմերէն են եւ ճիւղաւորումներ ունեցած են Թիֆլիսի, Երեւանի, Աստրախանի եւ Թեհրանի մէջ:
Քրիստափոր Աբէեան Փեթերսպուրկի գիւղատնտեսական անտառային բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ, բժշկական բարձրագոյն կրթութիւն ստացաւ Մոսկուայի համալսարանին մէջ, որմէ ետք Աստրախանի մէջ բնակութիւն հաստատեց: Եղբայրը` Խաչատուր եւս բժիշկ էր եւ երկար տարիներ գործած է Թիֆլիսի մէջ:
Մուշեղ Աբէեան ազգային-հասարակական գործիչ է. Մոսկուայի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացաւ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակ (1918-1920) կարեւոր պաշտօններ վարեց: Իրան տարագրուելով առեւտրական ասպարէզ նետուեցաւ: Զաւակներէն Սմբատ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցաւ եւ անուանի թուաբանագէտ դարձաւ, իսկ դուստրը` Գոհար Թեհրանի պետական երաժշտական բարձրագոյն դպրոցէն շրջանաւարտ դաշնամուրի ուսուցչուհի եղած է:






