«ԵՐԲ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԳԱՅ, ՊԻՏԻ ԸՆԵՄ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՐՔՈԶԻ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կիրակի երեկոյեան ֆրանսացի լրագրողներու հետ կատարեց հարցազրոյց մը, որ ֆրանսական գլխաւոր վեց պատկերասփիւռի կայաններէն սփռուեցաւ:
Մէկ ժամ տեւած հարցազրոյցին ընթացքին ան խօսեցաւ ոչ թէ իբրեւ նախագահական ընտրութիւններու պատրաստուող թեկնածու, այլ` երկրի ղեկավար, որ երկրին բարգաւաճման համար բարեփոխումներու կը ձեռնարկէ: Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ իր թեկնածութիւնը պաշտօնապէս յայտնի պիտի դառնայ, Սարքոզի պատասխանեց, որ այդ մասին պիտի յայտարարէ երբ անհրաժեշտ ըլլայ:
«Ես աշխարհի 5-րդ պետութեան ղեկավարն եմ, ես պատասխանատուութիւն կը կրեմ Ֆրանսայի համար` իմ նստաշրջանին ամբողջ ընթացքին: Երբ որ ժամանակը գայ, ես պիտի ընեմ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է», ըսաւ Սարքոզի:
Նշենք, որ ըստ հարցախոյզերուն, յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն Սարքոզիի մրցակից Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ կրնայ քուէարկութեան ընթացքին առաւելութեան հասնիլ եւ դառնալ Ֆրանսայի վերջին տարիներու առաջին ընկերվարական նախագահը:

