ԹՈՒՐՔԻԱ «ՆԱՊՈՒՔՕ»-ԻՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՐ
Ըստ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութեան բանբերը յայտարարած է, որ Թուրքիա այլեւս «Նապուքօ» կազատարին լիակատար աջակցութիւն չի ցուցաբերեր, եւ այժմ անոր համար առաջնահերթութիւն է «Թրանս Անատոլու» (ԹԱՆԱՓ) նախագիծը:
«Նապուքօ» կազատարին միջոցով Կասպից ծովու շրջանի կազը պիտի մատակարարուի Եւրոպական Միութեան երկիրներ: Կազատարի շինարարութեան սկիզբը նախատեսուած է 2013-ին, առաջին մատակարարումները` 2017-ին: Ծրագիրի բաժնետէրերն են աւստրիական, հունգարական, պուլկարական, ռումանական, թրքական եւ գերմանական ընկերութիւններ:
Ըստ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութեան բանբերին, ի տարբերութիւն «Նապուքօ»-ի, ԹԱՆԱՓ պիտի օգտագործէ Թուրքիոյ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կազատարերը: «Ատով պիտի մղուի միայն Ազրպէյճանէն մատակարարուող կազը, մինչդեռ «Նապուքօ»-ն տնտեսապէս կենսունակ ըլլալու համար պէտք է գտնէ նաեւ այլ աղբիւրներ», շեշտած է ան:

