«ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԲԵՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՎԱՒԵՐԱՑՆԷ, ԵՍ ԱՅԴ ՄԷԿԸ Կ՛ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՄ» ԸՍԱՒ ԼԱՒՐՈՎ

Մինչ իր ամերիկացի, բրիտանացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցները Նիւ Եորք կը գտնուէին, ապահովական նիստէն բացակայող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն պիտի չվաւերացնէ` աւելցնելով, որ «ես այդ մէկը կ՛երաշխաւորեմ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի սեղանին վրայ դրուած արաբական-եւրոպական ծրագիրը «լուծման չի ծառայեր»: Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «որոշումին որդեգրումը երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմի ճամբան պիտի հարթէ»: Ան նշեց, որ Ռուսիա Ապահովութեան խորհուրդին աշխատանքը երկարաձգել չ՛ուզեր, իսկ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ որոշումի մը շուրջ քուէարկութեան մասին խօսիլը կանխահաս է, որովհետեւ այն, ինչ որ այդտեղ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, փորձագէտներու միջեւ խորհրդակցութիւններ են: Ան ըսաւ, որ սեղանին վրայ կան երկու բանաձեւեր` ռուսական եւ ֆրանսական-մարոքեան, որ «մեզի համար անընդունելի է»:

Նշենք, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ղեկավար Պուրհան Ղալիուն լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին յայտնած էր, որ «Սուրիոյ մէջ իր ծովուժի զօրակայանին եւ շահերուն վերաբերեալ Ռուսիոյ երաշխիքներ տուինք»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն Ռուսիոյ կեցուածքը քննադատելով յայտնեց, որ Ռուսիա ինքզինք իսլամական աշխարհէն կը հեռացնէ:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ նշեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ իր շահերը պաշտպանելու պատրուակով արաբական եւ իսլամական աշխարհը իր դէմ կը հանէ»:

Սպիտակ տունը Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց Ասատի վարչակարգին չարտօնել իր ժողովուրդին դէմ բռնի ուժ կիրարկել: Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ «մենք սուրիական տագնապի լուծման դիւանագիտական ջանքերուն կը զօրակցինք եւ ներկայիս ռուսերուն հետ կը քննարկենք Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացումն ու բռնարարքներու աճը»: Սպիտակ տունը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արաբական լիկայի ջանքերուն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ իր կարգին «Արապիա»  արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ տակաւին առիթ կայ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ համոզելու Ռուսիան, թէ արաբական երկիրները կ՛ուզեն վարչակարգին կողմէ սուրիացի ժողովուրդին դէմ արարքներուն շուրջ ՄԱԿ-ի լռութիւնը քանդել:

Share this Article
CATEGORIES