ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Տաուք յայտնեց, որ Լիբանան կը վայելէ ապահովական կայուն հանգրուան մը, եւ կոչ ուղղեց առարկայական եւ թափանցիկ տեղեկատուութեան` հեռու գրգռութիւններէ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիա կը կանգնի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանը թիրախ դարձնելու ահաբեկչական գործողութեան ետին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին տագնապը դիտմամբ կը բարդանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն արագութեամբ դիմել Իրանի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ Մարտ 14-ի քաղաքական անձնաւորութիւններ ամբաստանեց դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգելու եւ Սուրիոյ ապահովութիւնը խախտելու յանցանքով:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ յայտնեց, որ շրջանին մէջ հրդեհներ բռնկած են, եւ զանոնք մարելու լաւագոյն միջոցն է այլոց հարցերուն միջամուխ չըլլալ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւնները վերսկսելու մասին յայտարարութիւններն ու շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը կը միտին Լիբանանի կացութիւնը աւելի եւս ելեկտրականացնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կը շարունակեն խորհրդակցիլ սուրիական ընդդիմութեան հետ եւ քննարկել Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խոստացած է իսլամ արգելափակեալներուն թղթածրարը քննարկել ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի հետ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ Թալքալախի միջադէպը ցուցանիշ է, որ լիբանանեան կարգ մը ուժեր միջամուխ կ՛ըլլան սուրիական իրադարձութիւններուն: Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Քանսօ ըսաւ, որ Սուրիոյ թղթածրարը կարելի չէ միջազգայնականացնել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ ինք հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին պատասխանատու կը նկատէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դէմ գործուելիք որեւէ հաւանական գործողութեան:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին  ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը բացայայտած է այնպիսի ծրագիրներ, որոնք հաւանական թիրախ

կը դարձնեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրին ու Ֆուատ Սինիորան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ ընդունեց ընտրական օրէնքի Պքերքէի յանձնախումբը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կարդաց պլոքին նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն համաձայն, Մուսթաքպալ պլոքը հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը պատասխանատու կը նկատէ ոեւէ պատասխանատուի վտանգի ենթարկուելուն:

 

Share this Article
CATEGORIES