ՊԸՐՐԻ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐԱՆՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԷՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նամակ մը ստացաւ իրանցի իր պաշտօնակիցէն` Ալի Լարիժանիէն:
Իր նամակին մէջ Լարիժանի խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ Երուսաղէմը իսրայէլեան գոյացութեան միացեալ մայրաքաղաք հռչակելու քայլը:
Պըրրի կոչ ուղղեց աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային ընտանիքին անհրաժեշտ քայլերուն եւ միջոցներուն դիմելու` արգիլելու համար Երուսաղէմի հրէականացումը:
Լարիժանի նկատել տուաւ, որ պաղեստինեան պատմութեան ակնարկ մը նետելը արդէն բաւարար է` գիտնալու համար, որ իսրայէլեան գոյացութիւնը մնայուն կերպով կը չարաշահէ առիթները` իրականացնելու համար իր ընդարձակման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներուն վրայ կը պարտադրէ իր անմարդկային քաղաքականութիւնը:
Լարիժանի կոչ ուղղեց շրջանային թէ միջազգային պետութիւններու խորհրդարաններուն` պահպանելու միջազգային ապահովական կայունութիւնը եւ վերջ տալու այն ջանքերուն, որոնք կը միտին պաղեստինցի ժողովուրդին պատմական ինքնութիւնը եւ քաղաքակրթութիւնը թաղել:
