ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է, ԵՒ ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐ ԱՒԱԶԱԿՆԵՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ՓԱՍՏԵՐԸ ՈՒՆԻՆՔ»

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան համախմբումին դէմ սանձազերծուած արշաւները:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք իր ձայնը շատ բարձրացուցած է` շեշտելու համար, որ Լիբանանը գողութեան ենթարկուած է եւ ոչ թէ աղքատացած:

«Մենք գողերը ամբաստանող բոլոր փաստաթուղթերը ունինք, սակայն մենք զմեզ զերծ պիտի կացուցենք անոնց մակարդակին իջնելէ: Բայց եւ այնպէս կը հաստատենք, որ ո՛վ որ զօրաւոր է եւ կը զգայ, թէ կրնայ ճակատը բարձր պահել, ապա մեզի հետ թող հանդիպի դատարանին մէջ», ըսաւ զօր. Աուն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց, որ մէկուն անձին եւ անունին դէմ արտայայտութիւնները ապարդիւն են:

 

Share this Article
CATEGORIES