«ՓԵՆԱԼԹԻԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ԱՆԻՄԱՍՏ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի ակումբի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան, Օլխունի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք (որ աւարտեցաւ փենալթիներու հարուածներով), հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը, թէ կ՛անհանգստանա՞յ փենալթիներու հարուածներու շարքի ատեն, ըսաւ.
– Փենալթին բախտախաղի նման է: Ամէն ինչ անկանխատեսելի է: Կարելի է յաղթել եւ պարտուիլ: Մարզումներու ժամանակ հաւանական է, որ 10 հարուածէն տասն նշանակես, սակայն մրցումի ժամանակ յաջողութեան չհասնիս: Այնպէս, որ յատուկ մարզուիլ փենալթիները յաջողցնելու համար, անիմաստ է:
CATEGORIES Մարզական

