ՕԶՊԻԼԻՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՅԱՔՍԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Այաքս ֆութպոլի ակումբի կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ իր երիտասարդական կազմը մրցում մը ունեցած է Թուէնթէ ակումբի երկրորդ խումբին հետ:
Մէկ հաւասար արդիւնքով աւարտած այդ մրցումին, Այաքսի հիմնական կազմին մէջ եղած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Արազ Օզպիլիս, որ ամբողջ մրցումին տեւողութեան լաւ խաղ ցուցաբերած է:
CATEGORIES Մարզական

