ՊԱԼԱՔԸ «ԳՆԵԼԸ» ՍԽԱԼ ԷՐ

Միքայել Պալաք

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Միքայել Պալաք կրնայ Լեւերքուզենէն հեռանալ Պայերիցէ, յատկապէս ակումբի ընդհանուր տնօրէն Վոլֆկանկ Հոլցհոյզերի կողմէ քննադատութեան ենթարկուելէ ետք: Վերջինս նշեց, որ Պալաքը իրենց խումբին միացնելը սխալ քայլ էր:

«Ժամանակն է, որ բոլորս խոստովանինք, որ 20 ամիս առաջ մեր տուած որոշումը չարդարացուց ինքզինք: Ան շատ քիչ բան ըրաւ», ըսաւ Հոլցհոյզեր:

Կ՛ենթադրուի, որ 35-ամեայ ֆութպոլիստը իր ասպարէզը կրնայ շարունակել սպանական Մայորքայի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES