ՎԱՆ ՓԵՐՍԻ ԽՈՒՍԱՓԵՑԱՒ ՊԱՏԻԺԷՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի չպատժէ Արսենալի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսին, Ասթոն Վիլլայի յետսապահ Քարլոս Կուժյլարի դէմքին արմուկով հարուածելուն համար: Յիշեցնենք, որ Արսենալի կազմէն արդէն մարզիկ մը պատժուած է: Օգոստոսին տեղի ունեցած Նիւքեսըլի դէմ մրցումին Պարթոնիի դէմ կարծր խաղարկութեան համար 3 մրցումով կախակայուած էր Ալեքս Սոնկ:
CATEGORIES Մարզական

