ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԹՐՔԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՃԳՆԱԺԱՄԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ

Թրքական ֆութպոլին մէջ պայմանաւորուած, «դասաւորուած» խաղեր կազմակերպելու առնչութեամբ յառաջացած ճգնաժամը կը խորանայ: Ըստ լրատու աղբիւրներուն, հրաժարական տուած են Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը եւ երկու փոխնախագահները:

Կը հաղորդուի, որ 27 փետրուարին արտակարգ նիստ մը պիտի գումարուի` ընտրելու համար ֆետերասիոնի նոր նախագահը:

2011 թուականի յուլիսին, թրքական ֆութպոլին մէջ «ճգնաժամ յառաջացաւ» Թուրքիոյ 12 նահանգներուն մէջ, ֆութպոլի «դասաւորուած» մրցումներ կազմակերպելու կասկածով: Ձերբակալուեցան ֆութպոլի կարգ մը ակումբներու նախագահներ, ղեկավարներ, մարզիչներ եւ մարզիկներ:

Դատարանի որոշումով կալանաւորուեցան Ֆեներպահչէ ֆութպոլի ակումբի նախագահը, փոխնախագահը եւ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Սուազսփոր ակումբի նախագահն ու այլ պատասխանատուներ:

Share this Article
CATEGORIES