ՃԱՏՐԱԿ- Ս. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Սերկէյ Մովսիսեան

«Ճիպրալթար Մասթըրզ» ճատրակի տարեկան բաց մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ազգային հաւաքականի թիւ 2 դասուած Սերկէյ Մովսիսեան սեւերով խաղալով յաղթեց արժանթինցի Ֆելկաէրին: Գաբրիէլ Սարգսեան սպիտակներով պարտութեան մատնեց սպանացի Ռուպեն Մորալեսը:

Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Վարուժան Յակոբեան սեւերով հաւասարութիւն արձանագրեց Սալեմ Սալեհի հետ:

7-րդ հանգրուանէն ետք Ս. Մովսիսեան նուաճած է 5,5 կէտ եւ 10 այլ վարպետներու հետ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Անգլիացի Մայքըլ Էտըմզ 6 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES