ԹԵՎԵԶԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի պարագլուխի դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեվեզ ֆութպոլի ֆետերասիոնին բողոք ներկայացուց ընդդէմ իր ակումբին, որ զինք 6 շաբթուան աշխատավարձի տուգանքի ենթարկած է` շարունակուող բացակայութիւններուն պատճառով:
Սիթի Թեվեզը տուգանքի ենթարկեց 22 դեկտեմբերին դրսեւորած անվայել վերաբերմունքին համար:
Թեվեզ պատիժին դէմ ակումբին բողոքեց, բայց ատիկա մերժուեցաւ 7 յունուարին երկու տնօրէններուն հետ անոր ունեցած լուսաբանական տեսակցութենէն ետք:
Սակայն, այն պահուն, երբ կարգապահական-պատժական քայլ կ՛առնուի իր դէմ, անցեալ սեպտեմբերին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած մրցումին չներկայանալուն համար, Թեվեզ ունի ընտրանքը այս հարցը Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին ներկայացնելու, եւ ճիշդ այդ մէկն ալ ըրած է:
Սեպտեմբերին 27-ամեայ մարզիկը յաջողած էր 6 շաբթուան տուգանքը երկուքի նուազեցնել: Այսինքն` շուրջ 1,5 միլիոն տոլարի… շատ կոկիկ գումար մը:
Սիթի կը պնդէ, թէ Թեվեզի պատիժը կ՛առնչուի անոր Արժանթին ներկայութեան (7 նոյեմբերէն ի վեր):
Այնպէս կը թուի, թէ Թեվեզ յունուարին բացուած փոխանցումներու պատուհանէն դուրս պիտի չկարենայ սպրդիլ, մինչ Մանչեսթըր Սիթիի հիմնական կազմին անոր վերահամարկումը կասկածելի կը մնայ:
Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի պատասխանատու մարմինը այս հարցին լուծումներուն համար թուական մը պէտք է ճշդէ, թէեւ ատիկա հազիւ փետրուարի աւարտին կ՛ըլլայ:


