ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՆՄԱՆԵՑԱՒ ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ` ՈՒՐԱԽ, ՍԻԹԻ` ՏԽՈՒՐ
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի պարագլուխի դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի այժմ միայն կոլերու տարբերութեամբ կը գերազանցէ իր դրացի Մանչեսթըր Եունայթըտը: Սիթի 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Էվըրթընէն` վերջինիս դաշտին վրայ: Էվըրթընի կոլը նշանակեց… միայն քանի մը շաբաթ առաջ Եունայթըտին միացած Տարոն Կիպսըն:
Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սթոք Սիթին եւ Չիջարիթոյի ու Պերպաթովի նշանակած փենալթիներով արդար յաղթանակ մը տարաւ: Մրցումին մայեսթրոն եթէ «ծեր» Սքոլզն էր, օրուան յայտնութիւնը եղաւ պատանի Փոկպա, որ 70-րդ վայրկեանին խաղի ներկայանալով բոցավառեց դաշտը:
Այժմ Մանչեսթըրի երկու կազմերը ունին 53-ական կէտ, իսկ 49 կէտով իրենց կը հետեւի Թոթենհամ:
Էվըրթըն – Մանչեսթըր Սիթի մրցումին հետաքրքրական միջադէպ մը պատահեցաւ: Էվըրթընի համակիր մը վազեց դաշտ եւ ձեռքերը կապեց բերդի սիւնին: Բաւական ժամանակ առաւ զայն «ազատագրելու»:
Երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Սուանզի 1- Չելսի 1
Թոթենհամ 3 – Ուիկըն 1
Վուլվզ 0 – Լիվըրփուլ 3
Էվըրթըն 1 – Մանչեսթըր Սիթի 0
Մանչեսթըր Եունայթըտ 2 – Սթոք Սիթի 0
Այսօր տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
Ասթոն Վիլլա – Ք. Փ. Ռէյնճըրզ
Պլեքպըրն – Նիւքեսըլ
Պոլթոն – Արսենալ
Ֆուլհամ – Ուեսթ Պ. Ալպիոն
Սանտրլանտ – Նորուիչ

