Հայոց Ցեղասպանութեան Քրէականացումը Սահմանադրական Խորհուրդ Ուղարկելու Վերաբերեալ Տեղեկանք
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական հարցերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի Ծերակոյտի 76 անդամ երէկ դիմած են երկրի Սահմանադրական Խորհուրդ` վիճարկելով Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները, (ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը Ֆրանսայի մէջ) քրէականացնող Ծերակոյտի Յունուար 23ին ընդունած օրինագիծը: Նոյն նպատակով Սահմանադրական Խորհուրդին դիմած են Ազգային Ժողովի 65 պատգամաւորներ:
Ֆրանսական օրէնսդրութեան համաձայն, նախագահ Սարքոզին կրնար Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի կողմէ հաստատուած օրինագիծը ստորագրել եւ օրէնքի վերածել Յունուար 24էն մինչեւ երէկ: Սակայն, նախագահ Սարքոզի նախընտրած է սպասել մինչեւ իր իրաւասութեան 15օրեայ ժամկէտին աւարտը, որ հնարաւորութիւն տուած է, որ օրինագիծի ընդդիմախօսները աշխոյժանան եւ դիմեն Սահմանադրական Խորհուրդ:
Ինն անդամներէ (ներառեալ` Հանրապետութեան նախկին երկու նախագահները, ի պաշտօնէ) բաղկացած Սահմանադրական խորհուրդը պարտաւոր է օրինագիծին Սահմանադրութեան համապատասխանելու մասին իր տեսակէտը յայտնել մէկ ամսուան ընթացքին: Սակայն, մէկ ամիսը կրնայ փոխուիլ ութ օրուան, եթէ կառավարութիւնը հանդէս գայ նման պահանջքով: Սահմանադրական Խորհուրդը կրնայ ընդունիլ հնարաւոր երեք որոշումներէն մէկը.
1. Օրինագիծը կը համապատասխանէ Սահմանադրութեան: Այս պարագային Հանրապետութեան նախագահի ստորագրութենէն ետք անիկա պիտի դառնայ օրէնք:
2. Օրինագիծը որոշ մասով կամ մասերով չի համապատասխաներ Սահմանադրութեան: Այս պարագային օրինագիծը պիտի վերադարձուի Ազգային Ժողով, զայն բարեփոխելու եւ Սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու համար: Այս տարբերակը կրնայ խնդիրներ յառաջացնել, քանի որ մէկ ամիսէն Ազգային Ժողովը պիտի մեկնի արձակուրդ, որպէսզի նախապատրաստուի նախագահական ընտրութիւններուն:
3. Օրինագիծը ամբողջութեամբ հակասահմանադրական է: Այս պարագային օրինագիծը այլեւս պիտի չքննարկուի եւ օրէնքի ուժ պիտի չստանայ, եթէ Հանրապետութեան նախագահը չպնդէ, որ հարցը դարձեալ մտնէ Ազգային Ժողով:
Երէկունէ սկսեալ, մինչեւ մէկ ամիս, մինչեւ Սահմանադրական Խորհուրդին որոշում կայացնելը, նախագահ Սարքոզի չի կրնար ստորագրել օրէնքը:
Սահմանադրական խորհուրդին դիմող Ծերակոյտի անդամներուն մեծ մասը ծայրայեղ ձախ կուսակցութիւններէ (կոմունիստներ, մարքսիստներ, եւ այլն) եւ նախկին Կանաչներէ (այժմ` բնապահպաններ) են: Յաջորդ մեծ խումբը` կեդրոն աջ կուսակցութիւններէն են: Կան նաեւ Սարքոզիի իշխող կուսակցութենէն (UMP) եւ սոցիալիստներէն պատգամաւորներ: Ազգային ժողովէն դիմողներուն մեծ մասը` Սարքոզիի կուսակցութեան անդամ, բայց Սաքոզիի հակառակ խմբակցութեան պատկանող պատգամաւորներ են:

