50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
71 ՃԱՄԲԱՆԵՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻՆ
ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ՆԱՄԱԿԱՏԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՂ
ՂՈՎՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ
Ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն իրենց գործողութիւնները` ձերբակալելով ղովմի այն անդամներն ու անոնց մեղսակիցները, որոնք մասնակցեցան դեկտեմբեր 31-ի պետական ձախողած հարուածին: Կը ձերբակալուին նաեւ այն անձերը, որոնք ապաստան տուած են փախստական ղովմիներուն կամ` օգնած անոնց:
Միւս կողմէ, հետազօտութիւնները կը շարունակուին ղովմիներու զէնքերը երեւան հանելու եւ գրաւելու համար:
Դատական գետնի վրայ, պատկան իշխանութիւնները կը շարունակեն ձերբակալեալներու հարցաքննութիւնը: Այս առթիւ կը յայտնեն, թէ 67 անմեղներ ազատ արձակուած են:
Վերջին 24 ժամերու ընթացքին կարգ մը անձեր ձերբակալուեցան եւ որոշ քանակութեամբ ռազմանիւթ եւ զէնք գրաւուեցան:
Երեքշաբթի գիշեր ձերբակալուեցաւ Հաննա Խուրի (ոչ լիբանանցի), որ ծածկուած էր Ժորժ Ֆահետ անուան տակ, եւ որ ղեկավարած էր փոսթ-հեռագրական նախարարատան վրայ գործուած յարձակումը:
Ձերբակալուեցան նաեւ Ռեմոն Քաֆաժի ու Ժորժ Պալլունէ (երկուքն ալ ոչ լիբանանցի), որոնք ապաստան տուած էին Հաննա Խուրիի:
71 ՆՈՐ ՃԱՄԲԱՆԵՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻՆ
Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան թեքնիք սպասարկութիւնները ներկայիս պատրաստելու վրայ են կարգ մը ծրագիրներ` միջազգային եւ ներքին նոր ճամբաներու բացման վերաբերեալ:
Այս ճամբաները, որոնց բացումը նուազուրդի ձեւով գործակատարներու պիտի յանձնուի փետրուարի կէսէն անդին, կը բաժնուին հետեւեալ ձեւով.
1.- Հիւսիսային Լիբանան` 13 ճամբայ, 5,405,000 լ. ոսկի ընդհանուր վարկ:
2.- Լեռնալիբանան` 26 ճամբայ, 13,136,000 լ. ոսկի ընդհանուր վարկ:
3.- Հարաւային Լիբանան` 18 ճամբայ, 1,374,000 լ. ոսկի ընդհանուր վարկ:
4.- Պեքաա` 14 ճամբայ, 1,615,000 լիբ. ոսկի ընդհանուր վարկ:
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ
Նախարարաց խորհուրդի ժողովը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Զուքի պալատին մէջ, նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահին, տեւեց չորս ժամ: Ժողովի ընթացքին քննուեցան երեք հարցեր.
1) Դեկտեմբեր 31-ի պետական ձախողած հարուածին վերաբերեալ դատական քննութիւնները:
2) Պէյրութի քաղաքապետութեան կողմէ Քուէյթէն կատարուած փոխառութեան խնդիրը:
3) Օրացոյց – ծրագրի իրագործման համար ձեռք առնուելիք անհրաժեշտ միջոցները:
Առաջին հարցի մասին զեկուցում տուաւ արդարութեան նախարար Ֆուատ Պութրոս` յայտարարելով, թէ պետական ձախողած հարուածին վերաբերեալ դատական քննութիւնները չեն կրնար աւարտիլ մէկ ամիսէն առաջ: Պութրոս յայտարարեց նաեւ, թէ անմեղ ձերբակալեալներու ազատ արձակումը տեղի կ՛ունենայ աւելի արագօրէն:
Գալով Քուէյթէն կատարուած 45 միլիոն լ. ոսկիի փոխառութեան, պիտի նշանակուի մասնաւոր յանձնախումբ մը, որուն հսկողութեան տակ տեղի պիտի ունենայ 45 միլիոն լ. ոսկիին գործածութիւնը:
ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԱՅՑԸ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
ՂԵՒՈՆԴ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ
ՆԱԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ
Երէկ` հինգշաբթի, կէսօրէ վերջ ժամը 1:00-ին Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արք., ընկերակցութեամբ սուրիահայ երեսփոխաններ զօրավար Արամ Գարամանուկեանի եւ Գրիգոր Էպլիղաթեանի, այցելեց Սուրիական Արաբ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Նազըմ Քուտսիի եւ շուրջ կէս ժամ տեւող սիրալիր տեսակցութիւն մը ունեցաւ ընդհանրապէս հայ համայնքը շահագրգռող հարցերու շուրջ:
Ն. վսեմութիւնը բարեացակամութեամբ ունկնդրեց զանոնք եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սուրիահայ համայնքի հաւատարմութեան մասին:
Ն. սրբազնութիւնը իր ընկերակիցներով նոյն օրը այցելեց նաեւ կրթական նախարար Ռեշատ Պէյ Պարմատայի եւ սուրիահայ բոլոր վարժարաններուն կողմէ կրթական հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակութիւն ունեցաւ: Ն. վսեմութիւնը խոստացաւ բարեացակամութեամբ եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծել բոլոր հարցերը:

