ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԴՐԱՄԸ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԷ՞ ՁԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Կարգ մը յարաբերութիւններ զուտ սիրոյ վրայ հիմնուած կ՛ըլլան, եւ ամուսնանալէ ետք զոյգերը հազուադէպօրէն դրամի գծով տարակարծութիւն կ՛ունենան: Կան նաեւ մտածուած, «ծրագրուած» յարաբերութիւններ, որոնք կը յանգին վէճերու, փոխադարձ ամբաստանութիւններու եւ այլն…
Ինչ կը վերաբերի ձեզի, ինչպիսի՞ն են ձեր յարաբերութիւնները. իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Երբ առաջին անգամ հանդիպեցաք անոր, ի՞նչ բանը գրաւեց ձեզ
ա.- Խելացութիւնը
բ.- Անհատականութիւնը
գ.- Նիւթական ապահովութիւնը
2
Եթէ ձեր ամսականները համեմատելու ըլլաք
ա.- Դուք իրմէ աւելի կը շահիք
բ.- Գրեթէ նոյն ամսականը կը ստանաք
գ.- Դուք իրմէ պակաս կը շահիք
3
Երբ ձեր միջեւ մեծ վէճ ծագի, արդեօք դրամը պատճառ կ՛ըլլա՞յ որ չհեռանաք իրմէ:
ա.- Ոչ, որովհետեւ իր դրամին կարիքը չունիք
բ.- Ոչ, որովհետեւ վարժուած էք անոր
գ.- Այո, դրամը լուրջ մտահոգութիւն է ձեզի համար
4
Չէք կրնար հրաժարիլ
ա.- Ձեր ընկերային դիրքէն
բ.- Սիրային յարաբերութենէ մը
գ.- Մտքի հանգստութենէ
5
Ի՞նչ է ձեր ամուսինին կապը դրամին հետ
ա.- Զինք կ՛ամբաստանէք ձեր դրամը շահագործելու յանցանքով
բ.- Կը սիրէ դրամական ապահովութիւնը, այսուհանդերձ դրամին գերին չէ
գ.- Մեծ կարեւորութիւն կու տայ դրամին
6
Ո՞վ աւելի կը ծախսէ
ա.- Դուք, որովհետեւ աւելի կը շահիք
բ.- Հաւասար չափով
գ.- Ինք, սակայն դուք ալ գնումները ստանձնած էք
7
Ձեր կարծիքով ամուսնութիւնը
ա.- Ձեւականութիւն է
բ.- Վստահութեան հարց է
գ.- Անհրաժեշտութիւն է
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, դրամը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ հարցեր ծագին ձեր միջեւ: Իրմէ աւելի դրամ շահելով` չէք վարանիր իր աչքին դնելու: Ձեր ամուսնական կեանքն ու յարաբերութիւնը երկու կողմերու միջեւ ստորագրուած պայմանագիրի մը կը նմանի: Դժբախտաբար ամէն բան ձեւական է եւ խաբուսիկ…
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, դրամը առաջին դիրքը չի գրաւեր ձեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ձեր կարծիքով, սէրը եւ յարգանքը բաւարար են, որպէսզի զիրար լաւ հասկնաք եւ համերաշխ ապրիք: Իսկ երբ դրամական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք, թոյլ չէք տար, որ դրամը խանգարէ, ապականէ ձեր յարաբերութիւնները:
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, դրամը առաջնահերթ դեր կը խաղայ ձեր կեանքին մէջ եւ անոր պակասը վէճի եւ նեղութեան դուռ կը բանայ: Դժբախտաբար ձեր յարաբերութիւնները մեծ վերիվայրումներ կ՛ունենան, կը դառնաք անհանդուրժող, կռուազան, ջղային: Մտածեցէք, որ կեանքի մէջ առաջնահերթութիւններ կան:
ԳԼԽՈՒ ԵՒ ՄԱԶԻ ԽՆԱՄՔ
(ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ)
Թեփի պարագային, գաւաթին կէսը աղ լեցնել, աւելցնել նոյն չափով գաղջ ջուր, խառնել, քսել գլխուն, փաթթել անձեռոցով եւ պահել 15 վայրկեան: Սունկերը եւ մանրէները ջրազրկուելով` կը չորնան եւ կը վերանան:
2
Մազերը զօրացնելու նպատակով գլուխը լուալ ստեպղինի կամ ընկոյզի տերեւներու եփուկով:
3
Մազերուն թափիլը կանխելու համար գլուխը լուալ առանց օճառի, 10-15 վայրկեան շփել կերակուրի աղով, ապա նորէն լուալ:
4
Ճարպոտ մազերու թեփը մաքրելու նպատակով 10 մաս ալքոլի լուծոյթին խառնել մէկ մաս գերչակի իւղ` խարուա, իսկ չոր մորթի պարագային` հաւասար քանակով, ձգել 5 վայրկեան, ապա լուալ:
5
Հերաթափութեան կ՛օգնէ, եթէ մազերու արմատներուն քանի մը օր, առանց ընդմիջման, քսէք քերիչով անցընելէ ետք, թարմ սխտորի կամ կոճապղպեղի հիւթ:
6
Լոյսն ու մաքուր օդը օգտակար են մազերուն: Ջանացէք պայծառ օրերուն գլխարկ չդնել:
7
Մազերուն աճը բարելաւելու հիանալի միջոց են աղի լուծոյթը, բողկի եւ սոխի հիւթերը:
8
Որպէսզի մազերը չթափին, ճափոնցիներուն համար հրաշալի ու դարերով փորձուած միջոց էր լաւ եփած բրինձի ջուրը:
9
Մազարմատները ամրացնելու համար կը թելադրուի մեղր քսել անոնց:
10
Շագանակագոյն մազերուն գոյն ու փայլքը պահպանելու համար զանոնք ցօղուել թէյի եփուկով:
ՔԷՅԹ ՄԻՏԸԼԹԸՆ
Ուիլիըմ իշխանին կինը` Քէյթ Միտըլթըն, ընտրուեցաւ 2011-ի ամէնէն վայելուչ գլխարկները կրող անձնաւորութիւնը:
Քէյթ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մը տիրացաւ այս տիտղոսին` իր ետին ձգելով անուանի դերասանուհիներ եւ երգչուհիներ:
Նշենք, որ յատուկ ձեւով գնահատուած է Քէյթի սեւ, թաւշեայ գլխարկը, զոր կրած էր Ս. Ծնունդի օրը:
Անցեալ տարի նոյն տիտղոսին արժանացած էր դերասան Ճոնի Տեփը, իսկ նախորդը` դերասան Պրետ Փիթը:
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
2012 ԳԱՐՈՒՆ-ԱՄԱՌ
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ
Նորաձեւութեան մայրաքաղաքի Փարիզի մէջ անգամ մը եւս փայլեցան լիբանանցի ձեւագէտներ Էլի Սաապը եւ Զուհէյր Մուրատը:
Առաջինը իր մանըքէնները վերածած էր մէկական իշխանուհիներու, մինչ երկրորդը լայնօրէն ներշնչուած էր Լաս Վեկասի քազինոներէն:
Մուրատի հաւաքածոյին տիրական գոյնը ոսկեգոյն էր, Սաապ նախընտրած էր փասթել գոյները, բաց վարդագոյնը, բաց կանաչը, երկնագոյնը, մոխրագոյնը…
Երկու ձեւագէտներն ալ օգտագործած էին թիւլը, մետաքսը, ժանեակը, սաթէնն ու թաֆթան: Հագուստներէն շատեր կ՛արժեւորէին մանըքէններուն գեղեցիկ սրունքները, իսկ լայն տեքոլթէները կը շեշտէին անոնց իգական գեղեցկութիւնը:
Ստորեւ նմուշներ` զոյգ ձեւագէտներուն յղացումներէն:»
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԿԱՂԱՄԲԻ ԱՊՈՒՐ
– 1 պզտիկ կաղամբ` բարակ մանրուած
– 1 միջակ սոխ` մանրուած
– 2 պճեղ սխտոր` ճզմուած
– 2 միջակ լոլիկ կեղուըուած եւ խորանարդաձեւ մանրուած
– 1 միջակ գետնախնձոր
– 2-3 դգալ կարագ + 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 8 գաւաթ հաւու մսաջուր
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
– 1 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
– 1 թէյի դգալ պղպեղի խիւս
– Թթու սեր (sour cream) ըստ ցանկութեան
Պատրաստութիւն
Տաքցնել կարագն ու ձէթը, աւելցնել սոխը, սխտորը եւ խառնել, մինչեւ որ թմրին: Աւելցնել գետնախնձորը եւ մանրուած կաղամբը: Խառնելով` տապկել, մինչեւ որ կաղամբը կակուղնայ, աւելցնել լոլիկը, լոլիկի խիւսը, պղպեղի խիւսը, աղն ու փոշի պղպեղը:
Խառնուրդը փոխադրել կաթսայի մը մէջ, աւելցնել հաւու ջուրը այնքան մը, որ ծածկէ բանջարեղէնները: Թեթեւցնել կրակը, գոցել կափարիչը եւ եփել մինչեւ որ բոլոր բանջարեղէնները կակուղնան:
Հրամցնել թթու սերի կողքին, ըստ ցանկութեան:
Գիտէ՞ք, թէ…
Կաղամբը կը պարունակէ մարդու օրկանիզմին համար շատ օգտակար նիւթեր` 1,5 առ հարիւրէն աւելի բջիջանիւթ, որուն շնորհիւ անիկա կը խթանէ աղիքներու աշխատանքը, կ՛արագացնէ քոլեսթերոլի արտաքսումը` կանխարգիլելով երակներու չորացումը: Անոր արժէքաւոր յատկութիւնը ծծումբի եւ քլորի բարձր պարունակութեան մէջ է:
Թարմ կաղամբի հիւթը կը նպաստէ ստամոքսի եւ աղիքներու մաքրութեան: Նախընտրելի է զայն խմել առանց աղ աւելցնելու: Կաղամբի բարձր սննդային արժէքը պայմանաւորուած է պարունակած կենսանիւթերու մեծ ընտրանիով, ամինօթթուներով, հանքային աղերով եւ միքրօտարրերով:
Հին Եգիպտոսի եւ Յունաստանի մէջ զայն կ՛օգտագործէին բուժելու համար անքնութիւնը, գլխացաւը, լեարդի եւ յօդերու հիւանդութիւնները: Անոր հիւթով կը լուային վէրքերը եւ խոցերը: Կաղամբը կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
Սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու ժամանակ ան կը համարուի լաւագոյն բուժական սնունդը: Կաղամբը կը պարունակէ քլորոֆիլ նիւթը, որ կ՛օժանդակէ հեմոկլոպինի արտադրութեան, որ կարեւոր է արեան տկարութեան ժամանակ: Ան կը հաւասարակշռէ կլուքոզը շաքարախտի ժամանակ: Հում կաղամբը կը պարունակէ տատրոնաթթու, որ կը քայքայէ օրկանիզմին մէջի ճարպը, այդ պատճառով գէրերուն խորհուրդ կը տրուի հում կաղամբ օգտագործել:
Անբուժելի խոցերու եւ վէրքերու ժամանակ լաւ արդիւնք կու տայ թարմ ու մանրուած կաղամբի եւ թարմ հաւկիթի դեղնուցի հաւասար խառնուրդէն պատրաստուած քսուկը:
Լեարդի հիւանդութիւններու, մնայուն պնդութեան եւ թութքի պարագային, խորհուրդ կը տրուի օգտագործել թթուաշի դրուած կաղամբի հիւթը, որ ախորժաբեր է եւ կը բարելաւէ մարսողութիւնը:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
* * *
Բաժանում կայ, որ արժէ իսկապէս,
Հազար միացում,
Ինչպէս քոնն հիմա, ուր կայ եւ զղջում,
Եւ խղճի մորմոք, եւ արցունք ու ցաւ.
Եւ տարիների կորուստ կայ հարկաւ…
Գնում ես որպէս հեռացող մի վիշտ,
Եւ ոչ թէ պանդուխտ,
Որն ունի միշտ էլ տունդարձի ճամբայ…
Գնում ես որպէս փրկութեան մի ուխտ,
Տանելով քեզ հետ թուլութեանդ ողջ
Կարողութիւնը,
Որ իւրացնել չկարողացայ,
Չկարողացայ տանել կանացի
Ուսերով յոգնած
Տուածդ հարուստ տառապանքների
Գանձերը աղքատ,
Ուր ափսոսանքի մի ոսկի չկայ…
Առ տար, տար քեզ հետ
Քո սիրուց շահած կուտակումներս,
Որ պատկերով լի յոյսեր են փշրած,
Փթթած յոյզեր են` մախաղներով լի
Ու քուրձեր` լցուած հաւատով դատարկ…
Տար քեզ հետ բարձած խեղճ տարիներիս
Վագոնները ձիգ,
Որ բերնեբերան լցուած են ցհագ
Յուսախաբութեամբ…
Ես գիտեմ, որ մեր ճակատագրում
Լաւատեսութեան ոչ մի շոքեքարշ
Չի շարժի տեղից այդ գնացքը բութ,
Քանզի շուռ կը գայ ուժասպառութեան
Երկաթգծերին
Ու կը կործանուի հիասթափութեամբ…
Առ տար, տար քեզ հետ բեռները սիրուդ,
Որ չհանգուցուեն կեանքիս վթարին,
Ու ծանրանալով աճիւնիս հոգուն
Այն աշխարհում սեղմ
Կտրեն շիրիմիս շունչը հողեղէն…
Տար սիրտս, առ տար,
Սէրն ունի հզօր նախազգացում,-
Բաժանումներ կան որ արժեն հազար
Մահ ու միացում…
ՄԵՏԱՔՍԷ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ





