ԱԿՆԱՐԿ. ԿԵՍՈՅԻ ՕՐԷՆՔԻՆ ԵՒ ՊՈՒԱՅԷԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՄԻՋԵՒ ՊԱՐԶԵԼԻՔ ԿԷՏԵՐ

Ֆրանսական օրինագիծին Սահմանադրական խորհուրդ յղումին եւ վիճարկումի որոշումին առիթով քանի մը հարցումի պատասխան պէտք է յստականայ.

ա.- Ի՞նչ հիմնաւորումներով ժխտումի քրէականացումի աշխատանքներուն առաջին հանգրուանին, Ֆրանսայի նախագահին միջամտութեամբ օրինագիծին ծերակոյտին կողմէ քննարկումը, աւելի ճիշդը օրակարգի կէտի վերածումը արգելակուեցաւ:

բ.- Ի՞նչ են ճիշդ այն պատճառները, որոնք օրինագիծի քննարկման ընթացակարգի մեկնարկը ճշդեցին նախագահ Սարքոզիի պաշտօնավարութեան աւարտի նախօրեակին:

գ.- Նախագահ Սարքոզիի հակազդեցութիւնը, թէ հայկական օրինագիծի հակասահմանադրական հռչակման պարագային հակասահմանադրական պէտք է նկատել նաեւ հրէական օրէնքը, իրաւական ի՞նչ հիմունքներ ունի: Այլ խօսքով` տրամաբանական հետեւութիւնը յստակ է, սակայն իրաւական գործընթացը պարզ չէ:

դ.- Նախագահ Սարքոզին կրնա՞ր չսպասել խորհուրդ անհրաժեշտ թիւի գոյացման` օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ յղելու համար:

Ճիշդ է, որ նախագահ Սարքոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները աննախադէպ էին իրենց ուժգնութեամբ եւ տարողութեամբ. ճիշդ է նաեւ, որ Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած գործընթացները այս ուղղութեամբ կը համոզէին, որ նախագահ Սարքոզին տէր է իր հրապարակային յանձնառութեան, այսուհանդերձ այս բոլոր գործընթացներէն ետք օրինագիծին հակասահմանադրական յայտարարուիլը աւելիով կը խորացնէ հարցումներուն ետին գտնուող շարժիչ գործօնները բացայայտելու տրամաբանութիւնը: Թէեւ պէտք է արձանագրել, որ նախագահ Սարքոզիի երէկուան յայտարարութիւնը, որ օրինագիծի մերժումի պարագային ինք անմիջապէս նոր օրինագիծ կը ներկայացնէ Ազգային ժողովին, կրնայ նախանշել հրապարակային յանձնառութեան տէր մնալու եւ կամ նախագահի հեղինակութիւնը ամուր պահած ըլլալու նախանձախնդրութեան գործնականացումը:

Մարդկային իրաւունքներ, ժխտումները մերժելու սկզբունքներ, արժէքային համակարգի հետ կապուած խնդիրներ իրաւական ազդեցութիւն չունին այս հանգրուանին: Սահմանադրական խորհուրդին իրաւասութիւնն է համապատասխան եզրակացութեան յանգիլը:  Իսկ պաշտօնավարութիւն աւարտող նախագահին բանեցնելիք կշիռն ու հեղինակութիւնը անպայման չեն կանխորոշեր արդիւնքը:

Այստեղ անշուշտ եթէ մէկ կողմէ քաղաքական եւ իրաւական հաստատութիւններու սահմանազատուած եւ անկախ ըլլալու փաստն է, որ կ՛ընդգծուի, միւս կողմէ սակայն Պուայէի օրինագիծին ոչ սահմանադրական ըլլալը ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլայ համաձայնեցնել արդէն գործող եւ հրէական ողջակիզումի ժխտումը պատժելի դարձնող Կեսոյի օրէնքին:

Տակաւի՛ն. Պուայէի օրինագիծը չի խօսիր ուղղակի Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Կը խօսի Ֆրանսայի ճանչցած ցեղասպանութիւններուն մասին: Ուրեմն նման օրինագիծ մը հակասահմանադրական նկատելը բնականաբար կը վերաբերի նաեւ հրէական ողջակիզումին, որուն մասին արդէն օրէնք կը գործէ երկար ատենէ ի վեր:

Շարունակենք տրամաբանութիւնը: Նման ժխտական մօտեցումով Սահմանադրական խորհուրդը փաստած կ՛ըլլայ, որ ինք կը շարժի ոչ թէ իրաւական եւ սահմանադրական դիտանկիւններէ, այլ բացառապէս քաղաքական: Սահմանադրագէտ պէտք չկայ ըլլալու` եզրակացնելու համար, որ նման հաւանականութեան մը պարագային Ֆրանսան ի՛նք կարիքը պիտի ունենայ իր պետաիրաւական կառոյցներուն միջեւ աչքառու հակասութիւնները կարգաւորելու բարդ աշխատանքի մը:

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վիճարկումներէն եւ յանգելիք եզրակացութենէն զատ, պէտք է արձանագրել, որ վիթխարի քարոզչական գօտիներ ձեւաւորուեցան ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ընդգծումին տեսանկիւնէն, այլ մանաւանդ Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ դիմագիծը շեշտելու առումով: Թրքական հակազդեցութիւնները ոչ միայն ամբոխային մակարդակի վրայ, այլ նաեւ պետական առումով խուժանավարի բնութագրում ստացան:

Մինչեւ վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանները ունենալը, Ֆրանսան ի՛նք պէտք է իր առջեւ ցցուած փորձաքարին զարնուելու առիթով յաջողի ճիշդ ելքը գտնել: Ելք, որ կը պահպանէ թէ՛ Ազգային ժողովին, թէ՛ ծերակոյտին, թէ՛ նախագահին եւ թէ՛ Սահմանադրական խորհուրդին հեղինակութիւնն ու վարկը: Այդ ելքը մէկ ճանապարհ ունի. սահմանադրական նկատել Պուայէի օրինագիծը:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES