ՊՈՒՌՆՈՒԹԵԱՆԻ «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՄՓՈՓ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ» ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐԱԲԵՐԷՆՈՎ
Գահիրէի մէջ Եգիպտական-լիբանանեան հրատարակչատունը Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի «Սաթենիկ Շաքեր» ֆոնտին մեկենասութեամբ հրատարակեց պատմաբան Ճորճ Պուռնութեանի «Հայ ժողովուրդի ամփոփ պատմութիւն մը» խորագրեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը:
478 էջերէ բաղկացած եւ քարտէսներ ու նկարներ բովանդակող գիրքին թարգմանութիւնը կատարած է Սահար Թաուֆիք: Գիրքը 24 յունուար 2012-ին ցուցադրուեցաւ Գահիրէի Գիրքի միջազգային 43-րդ ցուցահանդէսին ընթացքին:
Նախքան արաբերէնի թարգմանուիլը, գիրքը լոյս տեսած է նաեւ սպաներէնով, իսկ դեկտեմբեր 2011-ին Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է անոր թրքերէն թարգմանութիւնը: Մօտ օրէն լոյս կը տեսնէ գիրքին անգլերէն բնագիրին 6-րդ վերահրատարակութիւնը: Գիրքը կ՛օգտագործուի Հայոց պատմութիւն դասաւանդող շարք մը քոլեճներու, համալսարաններու եւ երկրորդական դպրոցներու կողմէ:

