«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ ՓՈՐՁՈՂԻՆ ՁԵՌՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿՏՐԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՐԻՃԱՆԻ

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ ամերիկացի եւ արեւմուտքցի պաշտօնատարներու` Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ կատարած վերջին յայտարարութիւնները կը բխին «իրանցի ժողովուրդին տոկուն յեղափոխութեան» գերիշխելուն նկատմամբ իրենց մտավախութենէն:

Նշելէ ետք, թէ իրանցի ժողովուրդը Հորմուզի նեղուցը խաղաղութեան նեղուց կը նկատէ, Իրանի խորհրդարանի նախագահը Արաբական ծոցի եւ Օմանի ծովուն մէջ արկածախնդրութիւն կատարել ուզողները զգուշացուց, որովհետեւ այդ պարագային իրանցի ժողովուրդը անոնց ձեռքերը պիտի կտրէ:

 

Share this Article
CATEGORIES