ԵԳԻՊՏՈՍ. 73 ԶՈՀ` ԱՀԼԻ ԵՒ ՄԱՍՐԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ԽԱՂԻՆ ՅԱՋՈՐԴԱԾ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Երէկ Եգիպտոսի Փոր Սայիտ քաղաքին մէջ Ահլի եւ Մասրի ֆութպոլի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին յաջորդեցին բռնարարքներ` երկու ակումբներու համակիրներուն միջեւ:

Բռնարարքներուն զոհ գնաց 73 հոգի, իսկ հարիւրաւոր ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Մրցումը վերջ գտած էր Մասրիի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:

Share this Article
CATEGORIES