ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԱՆՅԱՐՄԱՐ ՈՐԵՒԷ ԲԱՆԱՁԵՒ ՎԵԹՈՅԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ

Վիթալի Չուրքին

Հակառակ անոր, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ երէկ յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ կեցուածքը նուազ ժխտական դարձաւ», իսկ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ռուսական կեցուածքը դրական է եւ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցումը կը պահանջէ», «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին այն պնդումը, թէ Ռուսիոյ առարկութիւնները պատճառ պիտի դառնան, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ շուրջ որոշումի մը որդեգրումը ուշանայ, կը թուի ճիշդ ըլլալ:

Արդարեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ յառաջիկայ օրերուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով բանաձեւի մը շուրջ քուէարկութիւն տեղի պիտի չունենայ: Աւելի՛ն. Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ պատուիրակ Վլատիմիր Չիկով յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով արաբական-եւրոպական բանաձեւի որդեգրումը բացառուած է, եթէ անոր մէջէն զինուորական միջամտութեան կարելիութիւնը բացայայտ կերպով չվերցուի: Ան ըսաւ, որ բանաձեւին «ամէնէն կարեւորը կը պակսի® յստակ յօդուած մը, որ կը բացառէ բանաձեւը Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին զինուորական միջամտութիւն կատարելու համար օգտագործել, այս պատճառով ալ այս բանաձեւի որդեգրման կարելիութիւն չեմ տեսներ»:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով կը հաղորդէր, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքինի հետ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած է եւ անոր բացատրած, որ Ռուսիոյ կողմէ արաբական-արեւմտեան ծրագիրին դէմ վեթոյի կիրարկումը արաբական աշխարհին դէմ ուղղուած պիտի նկատուի եւ ռուս-արաբական յարաբերութիւններուն վրայ պիտի ազդէ: Սակայն Չուրքին ռուսական կեցուածքի վճռականութեան ցուցանիշ եղող վերոնշեալ յայտարարութիւնները աւելի յստակացնելով յայտարարեց. «Ռուսիա Սուրիոյ շուրջ որեւէ անյարմար բանաձեւ վեթոյի պիտի ենթարկէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES